ԱՍԻԼՎԱՅԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Յայտ­նի նկար­չու­հի Ա­սիլ­վա վեր­ջերս ցու­ցա­հան­դէս մը բա­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ի շա­րու­նա­կու­թիւն ան­ցեալ Սեպ­տեմ­բե­րին Ե­րե­ւա­նի Ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի իր գոր­ծե­րու ներ­կա­յաց­ման։ Ար­դա­րեւ, Փա­րի­զի Փան­թէո­նի հրա­պա­րա­կին վրայ գտնուող 5-րդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի շքեղ սրահ­նե­րուն մէջ հոծ բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Ա­սիլ­վա­յի ցու­ցա­հան­դէ­սին, նուի­րուած՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին։

Նկա­րիչ, քան­դա­կա­գործ, փո­րագ­րող եւ ստեղ­ծա­գոր­ծող Ա­սիլ­վա ծնած է Պո­լիս եւ ա­ւար­տած՝ տեղ­ւոյն Գե­ղա­րուես­տի հիմ­նար­կը, որ­մէ ետք ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Սոր­պոն՝ մաս­նա­գի­տա­նա­լով կեր­պա­րուես­տի ճիւ­ղին մէջ։ Շուրջ 160 ցու­ցա­հան­դէս­նե­րով շրջած է աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րը։ Ֆրան­սա­յէն բա­ցի՝ Սպա­նիա, Ի­տա­լիա, Ռու­սաս­տան, Չի­նաս­տան, Ճա­բոն, Իս­րա­յէլ, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ այ­լուր։ «Իմ գե­ղան­կար­չու­թիւ­նը հիմ­նուած է Ոս­կէ հատ­ման (Nombre d՚Or) մա­թե­մա­թի­քա­կան կա­նոն­նե­րու վրայ։ Ես կ՚աշ­խա­տիմ, որ­պէս­զի իւ­րա­քան­չիւր գիծ, իւ­րա­քան­չիւր ձեւ եւ իւ­րա­քան­չիւր գոյն ի­րա­րու մի­ջեւ գտնեն ներ­դաշ­նա­կու­թիւն՝ տե­սո­ղա­կան հա­ճոյք պատ­ճա­ռե­լու նպա­տա­կով», կ՚ը­սէ ա­րուես­տա­գի­տու­հին, ա­ւելց­նե­լով՝ «կեր­պա­րուես­տիս մէջ այժմ կը փա­փա­քիմ նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը տալ ինք­նա­բուխ մտայ­ղա­ցու­մին, որ­պէս­զի ա­ւե­լի ա­զատ ար­տա­յայ­տուիմ»։

­Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան եւ 5-րդ թա­ղա­մա­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող ե­րե­կոյ­թին բա­ցու­մը կա­տա­րեց փոխ-քա­ղա­քա­պետ Փիէռ Քա­զա­նո­վա, իսկ քա­ղա­քա­պե­տու­հի Ֆլո­րանս Պեր­թու այլ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով ա­ւե­լի ուշ ե­կաւ։ Ան դրուա­տե­լով Ա­սիլ­վա­յի իւ­րա­յա­տուկ ա­րուես­տը, խօ­սե­ցաւ նաեւ Ֆրան­սա-Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան եւ մշա­կոյ­թի մար­զին մէջ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թեանց մա­սին, անդ­րա­դառ­նա­լով ան­շուշտ ե­ղեռ­նի 100-ա­մեա­կին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած յի­շա­տա­կի ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Հոս հարկ է նշել, թէ նոյն վայ­րին մէջ ա­րուես­տա­գի­տու­հին ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ կը ներ­կա­յա­նայ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սով, իսկ աս­կէ ա­ռաջ եր­կու ան­գամ մաս­նակ­ցած է հա­ւա­քա­կան ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու։

Այ­նու­հե­տեւ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լե­ւոն Ա­միր­ջա­նեան, որ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք օ­ժան­դա­կած են այս ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­բար ծան­րա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան 25-ա­մեայ եր­թին վրայ, մատ­նան­շե­լով ան­կա­խու­թեան շրջա­նի ան­ցու­դար­ձե­րը, ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը, բայց նաեւ ապ­րած դժուար օ­րե­րը, ո­րոնց իր կամ­քի ու­ժով դի­մադ­րած է հայ ժո­ղո­վուր­դը։ Ա­միր­ջա­նեան իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նեց Ֆրան­սա­յին, որ ո՛չ միայն ա­պաս­տան տուած է ե­ղեռ­նի ժա­ռան­գորդ­նե­րուն, այ­լեւ միշտ ա­ջակ­ցած ու թի­կունք հան­դի­սա­ցած է Հա­յաս­տա­նին ու հա­յու­թեան։ Ան յատ­կա­պէս ակ­նար­կե­լով հոն ցու­ցադ­րուած Ա­սիլ­վա­յի «Ա­րա­րատ» գոր­ծին՝ ը­սաւ. «Ա­րա­րա­տը եւ ե­ռա­գոյ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի ինք­նու­թեան եր­կու կա­րե­ւոր խորհր­դա­նի­շերն են, զորս հրա­շա­լիօ­րէն պատ­կե­րած է գե­ղան­կար­չու­հին»։

­Յատ­կան­շա­կան էին մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան ընդ­հա­նուր տե­սուչ Ժան-Քլոտ Մը­նուի Ա­սիլ­վա­յի ա­րուես­տին նկատ­մամբ մե­ծա­րան­քի խօս­քե­րը. «Այս գոր­ծե­րուն մէջ գե­ղեց­կու­թիւ­նը կը ցո­լայ ժայ­ռէն բխած զու­լալ ջու­րին պէս, հա­կա­դար­ձե­լով դար մը ա­ռաջ գոր­ծադ­րուած ող­բեր­գա­կան դէպ­քե­րուն, ո­րոնց­մէ ան­մասն չէ մնա­ցած ա­րուես­տա­գի­տու­հիին ըն­տա­նի­քը…»։ Ա­ւե­լի վերջ Մը­նու բա­ցատ­րու­թիւն տուաւ հա­յու­թեան եւ հայ մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ իր հե­տաքրք­րու­թեան ա­կուն­քին մա­սին՝ ը­սե­լով, թէ փոքր տա­րի­քին Քոր­սի­քա­յի մէջ ծա­նօ­թա­ցած է հայ ըն­տա­նի­քի մը ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնց ջերմ վե­րա­բե­րու­մը խո­րա­պէս տպա­ւո­րած է զինք եւ պատ­ճառ դար­ձած՝ որ հե­տա­գա­յին մօ­տէն ու­սում­նա­սի­րէ հա­յու­թեան ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը։

Ե­րե­կոյ­թին պաշ­տօ­նա­կան բա­ժի­նը փա­կուե­ցաւ Ա­սիլ­վա­յի շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րով, որ­մէ ետք հիւ­րա­սի­րուե­ցան ներ­կա­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016