ԵՐԵՒԱՆ ԱՐԴԷՆ ՁԻՒՆԱԾԱԾԿ

Ե­րե­ւա­նի մէջ այս ե­ղա­նա­կին ար­դէն ձիւ­նած է ա­ռա­ջին ան­գամ։ Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րը ար­դէն կը սփռեն ձիւ­նա­ծածկ մայ­րա­քա­ղա­քէն դրուագ­ներ։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս տա­րի ձմե­ռը կա­նուխ վրայ հա­սած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Շուրջ եր­կու շա­բա­թէ ի վեր երկ­րի բարձր դիր­քով զա­նա­զան շրջան­նե­րը ար­դէն ձիւ­նի տակ էին։ Պատ­կան մար­մին­նե­րը աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած էին՝ ա­պա­հո­վե­լու հա­մար ճա­նա­պարհ­նե­րու ան­ցա­նե­լիու­թիւ­նը։ Իս­կ հի­մա մայ­րա­քա­ղա­քին ալ բա­ժին հա­սած է խստա­շունչ ե­ղա­նա­կէն։ Ե­րե­ւա­նի բնա­կիչ­նե­րը կը ջա­նան հա­կա­ռակ ձիւ­նին յա­ռաջ տա­նիլ ի­րենց ա­ռօ­րեան, մինչ քա­ղա­քի պատ­կան մար­մին­ներն ալ գոր­ծի լծուած են այս ուղ­ղու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016