ՆԱԽԱՐԱՐ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՎԱՂԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Պեր­լի­նի մէջ։ Նա­խա­տե­սուած է իր հան­դի­պու­մը Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի հետ։ Նալ­պան­տեան պի­տի տե­սակ­ցի նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով ա­ւագ խորհր­դա­կա­նին՝ Քրիս­տոֆ Հոյս­կե­նի հետ։ Ծա­նօթ է, որ Գեր­մա­նիա այս տա­րի ստանձ­նած է ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը։ Յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին, Համ­պուր­կի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Նոյն շրջագ­ծով Համ­պուր­կի մէջ նա­խա­տե­սուած է Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի հան­դի­պու­մը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Համ­պուր­կի այս տե­սակ­ցու­թեան ըն­դա­ռաջ է, որ Նալ­պան­տեան վա­ղը շփում­ներ պի­տի ու­նե­նայ Պեր­լի­նի մէջ։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան Պեր­լի­նի մէջ «Ֆրիտ­րիխ-Է­պերթ» հիմ­նար­կէն ներս հան­դի­պում մըն ալ պի­տի ու­նե­նայ գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու, յա­ռա­ջա­տար քա­ղա­քա­գէտ­նե­րու եւ մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ։

Հարկ է նշել, որ դէ­պի Պեր­լին այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­դա­ռաջ Նալ­պան­տեան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ճա­քար­թա­յի մէջ, ուր Էն­տո­նե­զիոյ ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ան Ճա­քար­թա­յի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­րաւ-ա­րե­ւե­լեան Ա­սիոյ եր­կիր­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան Ա­ՍԷԱՆ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Լէ Լուոնկ Մի­նիի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016