ՁԵՌԱԿԵՐՏ ՆՄՈՅՇՆԵՐ

Իս­թան­պու­լա­հայ յայտ­նի ար­ծա­թա­գործ Նուր­հան Տա­վուլ­ճեան, որ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն ծա­նօթ է նաեւ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քէն ներս ծա­ւա­լած իր գոր­ծու­նէու­թեամբ, վեր­ջերս Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռի մը։ Նուր­հան Տա­վուլ­ճեան ա­տե­նադ­պիրն է Հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեան (AJA) Իս­թան­պու­լի յանձ­նա­խում­բին։ «Ար­մէն­փրէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Նուր­հան Տա­վուլ­ճեան 1954 թուա­կա­նին իր հօր­մէն՝ Ար­թօ վար­պե­տէն ժա­ռան­գած է այս ար­հես­տը։ Տաս­նե­րեք տա­րե­կա­նէն ի վեր ան նուի­րուած է այս ա­րուես­տին։ Այդ փոր­ձա­ռու­թեան հի­ման վրայ Տա­վուլ­ճեան յայտ­նած է, որ քսան տա­րե­կա­նը ար­դէն ուշ է նման ար­հես­տի մը նուի­րուե­լու հա­մար։ Ար­դա­րեւ, շատ դժուար է մուր­ճը բռնե­լը եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով պէտք է տաս­ներ­կու-տաս­նե­րեք տա­րե­կա­նին ձեռ­նար­կել գոր­ծի։ Ըստ ի­րեն, ներ­կա­յիս ի­րենք ու­նին բազ­մա­թիւ ա­շա­կերտ­ներ եւ ա­նոնց ալ կը սոր­վեց­նեն ար­ծա­թա­գոր­ծու­թիւ­նը։

Ձեռ­նե­րէց-ար­հես­տա­ւոր Նուր­հան Տա­վուլ­ճեան վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կա­նո­նա­ւոր շփում կը պա­հէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի հետ։ Ան վեր­ջերս մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ JUNWEX Yerevan Show ոս­կեր­չա­կան ի­րե­րու եւ ժա­մա­ցոյց­նե­րու 6-րդ մի­ջազ­գա­յին ցու­ցա­հան­դէս-տօ­նա­վա­ճա­ռին։ Սոյն ծրագ­րին շրջագ­ծով ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է ձե­ռա­կերտ նմոյշ­ներ։ «Այս բո­լոր գոր­ծե­րը բա­ցա­ռա­պէս ձե­ռա­կերտ են։ Քա­նի մը նմոյշ­ներ բե­րած ենք մե­զի հետ։ Ա­մէն տա­րի կը մաս­նակ­ցինք այս ցու-­ցա­հան­դէ­սին։ Կ՚աշ­խա­տինք, որպէս­զի այս­տեղ եւս գոր­ծե­րը լաւ ըլ­լան, մեր գոր­ծերն ալ լաւ ըլ­լան։ Կ՚ու­զենք, որ Հա­յաս­տա­նի հա­մար օգ­տա­կար ըլ­լայ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին մենք կը մտա­ծենք այս մէ­կը։ Ար­դէն ե­րե­սու­նե­րեք տա­րիէ ի վեր կը զբա­ղիմ ար­ծա­թա­գոր­ծու­թեամբ։ Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր աշ­խա­տանք­նե­րը սկսած են ու­ղար­կուիլ նաեւ այլ եր­կիր­ներ։ Պա­տուէր­ներ կը ստա­նանք Ի­տա­լիա­յէն, Միա­ցեալ Նա­հանհգ­նե­րէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Զուի­ցե­րիա­յէն։ Բայց եւ այն­պէս այս­տեղ ար­ծա­թե­ղէն բե­րե­լը քիչ մը դժուար է։ Նա­խորդ տա­րի քիչ մը շատ բե­րած էինք, բա­ւա­կան դժուա­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցանք», ը­սած է Նուր­հան Տա­վուլ­ճեան գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթակ­ցին հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ։ Ե­րե­ւա­նի մէջ ան ներ­կա­յա­ցու­ցած է ար­ծա­թէ սպաս­նե­րու լայն տե­սա­կա­նի մը՝ ա­ղա­ման­ներ, ափ­սէ­ներ, մո­մա­կալ­ներ ե­ւ այլն։ Ի մի­ջի այ­լոց ան մատ­նան­շած է, որ պա­հան­ջար­կը բա­ւա­կան մեծ է նաեւ Իս­թան­պու­լի մէջ։ «Միւս քա­ղաք­նե­րէն կու գան եւ գնում­ներ կը կա­տա­րեն մեր խա­նութ­նե­րէն։ Գի­տէք, տա­րի­ներ ա­ռաջ մեր քա­ղա­քին մէջ այս գոր­ծը ոս­կեր­չու­թեան հետ հա­ւա­սար կ՚ը­նէին հայ վար­պետ­նե­րը։ Բայց հի­մա այս գոր­ծը շա­րու­նա­կող հա­յե­րը շատ քիչ մնա­ցած են։ Մեր քա­ղա­քին մէջ ու­նինք հա­զիւ հա­րիւր ար­ծա­թա­գործ­ներ, ո­րոնք ար­ծա­թէ սպաս­նե­րու զա­նա­զան մա­սե­րուն վրայ կ՚աշ­խա­տին։ Հնա­րա­ւոր չէ, որ վար­պետ մը ամ­բող­ջու­թեամբ պատ­րաս­տէ աշ­խա­տանք մը։ Մեր մօտ հի­մա կ՚աշ­խա­տի չորս հայ վար­պետ», ը­սած է Նուր­հան Տա­վուլ­ճեան եւ շեշ­տած՝ թէ բա­ւա­կան դժուար է այս ար­հես­տը յա­ռաջ տա­նիլ, ո­րով­հե­տեւ շատ դժուար է սոր­վիլ ու ձեռ­քով ար­տադ­րել ար­ծա­թեայ սպաս­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016