ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ այս ա­միս Ե­րե­ւա­նի մէջ կ՚ո­գե­կո­չուի հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան տի­րա­կան ա­նուն­նե­րէն Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեան՝ իր ծննդեան 145-ա­մեա­կին առ­թիւ։ Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի տուն-թան­գա­րա­նը նա­խա­ձեռ­նած է մե­ծա­նուն յօ­րի­նո­ղի ո­գե­կոչ­ման ծրագ­րին, որ սկսաւ ե­րէկ ու պի­տի շա­րու­նակուի մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 20-ը։ Ձեռ­նարկ­նե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նան Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յին մէջ, որ նոյն­պէս ձօ­նուած է Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան։

Ո­գե­կո­չում­նե­րու ա­ռա­ջին փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Նո­յեմ­բե­րի 1-ը Ա­լեք­սանդր Սպեն­դիա­րեա­նի ծննդեան օրն է։ Այս­պէս, յար­գան­քի այց մը տրուե­ցաւ իր շի­րի­մին։ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի ճե­մաս­րա­հին մէջ բա­ցուե­ցաւ «Մեր Սպեն­դիա­րեա­նը» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէս մը, որ կը ցո­լաց­նէ մե­ծա­նուն յօ­րի­նո­ղի կեանքն ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծու­նէու­թեան զա­նա­զան փու­լե­րը։

Այս ձեռ­նարկ­նե­րու շրջագ­ծէն ներս Հա­յաս­տա­նի Օ­փե­րա­յի եւ պա­լէի ազ­գա­յին ա­կա­դե­մա­կան թատ­րո­նին երգ­չա­խում­բը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ խմբերգ մը «Ալ­մաստ» օ­փե­րա­յէն։ Այլ բա­զում ձեռ­նարկ­ներ ալ նա­խա­տե­սուած են իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016