ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՆԱԽԱՊԱՐՈՒՄ

Ընդ­հան­րա­պէս «նա­խա­պա­շա­րու­մը», մարդ­կա­յին թէ՛ ան­հա­տա­կան, թէ՛ հա­ւա­քա­կան կեան­քին հա­մար վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար ու­նա­կու­թիւն մըն է։

Նա­խա­պա­շա­րու­մը՝ կան­խա­կալ կար­ծիք մը, մտա­սե­ւե­ռում մըն է, ո­րուն պատ­ճա­ռով են­թա­կան գա­ղա­փա­րի մը կող­մէ մտքի կաշ­կան­դու­մի կ՚են­թար­կուի եւ կեր­պով մը խոր­հե­լու, մտա­ծե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը կը կորսնց­նէ։ Նա­խա­պա­շա­րու­մը մարդս կը դա­տա­պար­տէ միայն մէկ գա­ղա­փա­րի ճշդու­թեան հա­ւա­տա­լու եւ մեր­ժե­լու այդ միակ գա­ղա­փա­րէն զատ ու­րիշ ո­րե­ւէ գա­ղա­փար։ Նա­խա­պա­շա­րու­մը՝ մար­դուս միտ­քը կը բան­տար­կէ, կը կաշ­կան­դէ եւ կը կա­լա­նա­ւո­րէ։

Նա­խա­պա­շա­րու­մը ներ­հակ է հան­դուր­ժո­ղու­թեան ո­գիին, մտքին լու­սա­ւո­րու­թեան եւ յա­ռաջ­դի­մու­թեան։ Ուս­տի լոյ­սին էու­թիւ­նը բա­ցատ­րե­լու հա­մար գիտ­նա­կան­ներ շատ վար­կած­ներ, տե­սա­կէտ­ներ հնա­րած են, ո­րոնք կրնան փո­խուիլ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, սա­կայն լոյ­սը միշտ ան­փո­փոխ կը մնայ եւ միեւ­նոյն հրա­շա­լիք­նե­րը կը կա­տա­րէ բնու­թեան մէջ՝ մարդ­կա­յին միտ­քը ա­նոր գաղտ­նիք­նե­րը հասկ­նայ կամ ո՛չ։

Կրօ­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու մա­սին ալ աս­տուա­ծա­բան­ներ զա­նա­զան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ տուած են, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած են միշտ, սա­կայն ճշմար­տու­թիւ­նը ան­փո­փոխ է մնա­ցած։ Ար­դա­րեւ ճշմար­տու­թիւնն է որ կա­րե­ւոր է եւ ո՛չ թէ ա­նոր վրա­յով յայտ-նըւած կար­ծիք­ներ, հա­մո­զում­ներ, են­թադ­րա­կան մօ­տե­ցում­ներ եւ կամ տրուած զա­նա­զան մեկ­նու­թիւն­ներ։

Մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր պատ­մու­թեան մէջ, հի՜ն դա­րե­րէ ի վեր եւ այ­սօր ալ մար­դիկ այն­պի­սի նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու հա­գուստ­ներ դրած են կրօ­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու վրայ որ խոր­հող, քննող, դա­տող միտ­քե­րու հա­մար ա­ռար­կե­լի եւ ա­նըն­դու­նե­լի ե­ղած են։ Նա­խա­պա­շա­րու­մը ար­գելք ե­ղած է կրօ­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու յայտ-­նու­թեան։

Գիտ­նա­կան­ներ կրօն­քի թշնա­մի չեն։ Ա­նոնց հա­կա­ռա­կու­թիւ­նը նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու դէ՛մ է։ Ա­նոնք չեն կրնար մեր­ժել ճշմար­տու­թիւ­նը, բայց երբ կրօն­քը ձե­ւա­պաշ­տու­թեան, բա­ռա­պաշ­տու­թեան եւ կռա­պաշ­տու­թեան կը վե­րա­ծուի, ա­հա­ւա­սի՛կ ա­տոր դէմ է որ կը յար­ձա­կին։

Ար­դա­րեւ ա­մէն ող­ջա­միտ անձ նոյն հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը կու տայ, եւ պէտք է տայ նման ե­րե­ւոյ­թի մը հան­դէպ։ Եւ մա­նա­ւանդ երբ կրօն­քը կը վե­րա­ծուի նա­խա­պա­շա­րում­նե­րու դրու­թեան մը։

Ար­դա­րեւ խոր­հող միտք մը ինչ­պէ՞ս կրնայ հա­ւա­տալ Աս­տու­ծոյ մը՝ որ իբ­րեւ «ա­նո­ղոք իշ­խան» պա­տիժ եւ պա­տու­հաս կը թա­փէ մար­դոց որ­դի­նե­րուն վրայ եւ ա­նոնց տան­ջանք­նե­րուն ու ցա­ւե­րուն մէջ հա­ճոյք կը գտնէ։ «Աս­տուած» ի­րա­կա­նու­թեան, «Աս­տուած» գա­ղա­փա­րին հետ բո­լո­րո­վին հա­կա­սող վի­ճակ մըն է այս, քա­նի որ Աստ-ւած՝ ա­րա­րիչն է եւ նա­խախ­նամ։

Սա­կայն ճշմա­րիտ գիտ­նա­կա­նը չի կրնար մեր­ժել եւ ու­րա­նալ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կա­րե­լի չէ՛ որ չըն­դու­նի Քրիս­տո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցած Աս­տուա­ծը՝ որ սի­րոյ Հայր է եւ ո­րուն սի­րա­լիր ներ­կա­յու­թեամ­բը եւ հո­գա­ծու­թեամբ շրջա­պա­տուած է հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը։ Իւ­րա­քան­չիւր ա­րա­րած, ա­մէն մէկ ան­հատ կը վա­յե­լէ Աս­տու­ծոյ հո­գա­ծու­թիւ­նը, կ՚ար­ժա­նա­նայ Ա­նոր նա­խախ­նա­մու­թեան։

Պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ե­ղած է շրջան­ներ, երբ կրօն­քի պաշտ­պան­նե­րը պար­տադ­րած են որ մար­դիկ, Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը՝ Սուրբ Գիր­քը կար­դան որ­պէս «գի­տու­թեան անս­խալ դա­սա­գիրք» եւ աշ­խար­հի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պատ­մու­թիւ­նը ըն­դու­նին բա­ռա­կա­նա­պէս, եւ երբ գիտ­նա­կան­ներ Աս­տու­ծոյ միւս գիր­քը՝ «Բնու­թիւն»ը ու­սում­նա­սի­րե­լով, քննե­լով սոր­վե­ցու­ցին թէ՝ Աս­տուած ո՛չ թէ վեց օ­րուան մէջ՝ այլ մի­լիո­նա­ւոր դա­րե­րու շրջա­նին ստեղ­ծեց տիե­զեր­քը եւ մարդ­կու­թեան վրան ապ­րած եր­կի­րը, կրօ­նա­կան­ներ, ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ հա­լա­ծե­ցին այս կար­ծի­քը ու­նե­ցող­նե­րը իբր «անկ­րօն» եւ «ա­նաս­տուած»։

­Նոյն­պէս որ­պէս «ան­հա­ւատ» հա­րուա­ծե­ցին ու հա­լա­ծե­ցին ա­նոնք ալ որ Սուրբ Գիր­քին մէջ «սխալ»ներ գտնան եւ ա­նոր բա­ռա­կան եւ տա­ռա­կան ներշն­չու­մը չէին կրնար ըն­դու­նիլ եւ իւ­րաց­նել։

Մինչ­դեռ այ­սօր ող­ջա­խոհ քրիս­տո­նեա­ներ կ՚ըն­դու­նին Սուրբ Գիր­քը ո՛չ թէ իբ­րեւ «գի­տու­թեան դա­սա­գիրք», այլ հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քա­ծոյ՝ ուր ար­ձա­նագ­րուած են Աս­տու­ծոյ մօտ ապ­րող մար­դոց փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը՝ ո­րոնք Աս­տուծ­մէ ներշն­չուած՝ իբր յայտ­նու­թիւն, մար­դիկ կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն Աս­տու­ծոյ, աս­տուա­ծա­յին մշտնջե­նա­ւոր եւ ա­նայ­լայ­լե­լի ճշմար­տու­թեան։

Ար­դա­րեւ թէ՛ գի­տու­թեան, թէ՛ կրօն­քի նպա­տակն է հաս­նիլ ճշմար­տու­թեան։ Եւ քա­նի որ ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է եւ ան­փո­փո­խե­լի, ա­պա ու­րեմն եր­կուքն ալ՝ գի­տու­թիւն եւ կրօնք, թէեւ տար­բեր մի­ջոց­նե­րով բայց ան­պայ­ման կը հաս­նին ի­րենց նպա­տա­կին՝ ճշմար­տու­թեա՛ն։ Այ­լա­պէս նպա­տա­կէն կամ մի­ջոց­նե­րէն շե­ղում կրնայ ար­գելք ըլ­լալ ճշմար­տու­թեան յայտ­նու­թեան, բայց այս չի նշա­նա­կեր, թէ գի­տու­թիւ­նը կամ կրօն­քը զի­րար կը հա­կա­սեն եւ կամ ի­րա­րու հա­կա­ռակ են։ Չեն հա­կա­սեր զի­րար եւ ի­րա­րու հա­կա­ռակ չեն կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ ա­նոնց ուղ­ղու­թիւ­նը մէկ է, եւ նոյնն է, ա­նոնք եր­կուքն ալ ուղ­ղուած են դէ­պի ճշմար­տու­թիւն, որ ի վեր­ջոյ եր­կուքն ալ պի­տի գտնեն զայն։ Այս ի­մաս­տով, գի­տու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ կրօն­քի ճշմար­տու­թիւ­նը տար­բեր չեն, քա­նի որ, ինչ­պէս ը­սինք, ճշմար­տու­թիւ­նը մէ՛կ է եւ ան­փո­փոխ։

Հե­տե­ւա­բար ո­րո՛շ գիտ­նա­լու եւ հա­մո­զուե­լու է թէ՝ ԳԻ­ՏՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐ­ՔԻՆ ԵՒ ԿՐՕՆ­ՔԻՆ ՀԱ­ԿԱ­ՌԱԿ եւ ԹՇՆԱ­ՄԻ ՉԷ՛ ԵՐ­ԲԵՔ։

Գի­տու­թիւ­նը եւ կրօն­քը ի­րա­րու թշնա­մի չեն, այլ՝ ա­նոնց շուր­ջը հնա­րուած «սխալ մեկ­նու­թիւն­ներ»ուն եւ «ան­բա­նա­ւոր նա­խա­պա­շա­րում­նե­րո՛ւն»։ Եւ կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ մե­զի, թէ սխալ մեկ­նու­թիւն­նե­րը, ե­նթա­կա­յա­կան կար­ծիք­նե­րը եւ մա­նա­ւա՛նդ նա­խա­պա­շա­րում­նե­րը՝ ող­ջա­միտ եւ քննա­կան միտք ու­նե­ցող մէ­կը կը հե­ռաց­նեն Սուրբ Գիր­քէն ալ, կրօն­քէ ալ։ Այն­պէս որ կրնանք ը­սել, թէ կրօն­քէ, ե­կե­ղե­ցիէ, Աս­տուծ­մէ ու­ծա­նող­նե­րուն, հե­ռա­ցող­նե­րուն մեծ մա­սին պատ­ճա­ռը կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը եւ հա­լա­ծանք­նե­րը ե­ղած են։

Եւ կրօ­նա­կան մո­լե­ռան­դու­թեան պատ­ճա­ռը՝ նա­խա­պա­շա­րում­ներն են, ո­րոնց հե­տե­ւանքն են ա­մէն մո­լու­թիւն, ա­մէն շե­ղում։ Երբ այ­սօր շա­տեր հե­ռա­ցած են Ե­կե­ղե­ցիէն, պատ­ճա­ռը՝ նա­խա­պա­շա­րու­մը եւ ձե­ւա­պաշ­տու­թի՛ւնն է…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկ­տեմ­բեր 31, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2016