ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԵՐԷԿ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալ Մայքըլ Քարփենթըր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի կողմէ։ Բաց աստի, Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնատարը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ՝ հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան շրջագծով ձեռնարկուած շարք մը ծրագրերուն։ Ան հանդիպեցաւ այն ամերիկացի զինուորականներուն հետ, որոնք ենթասպաներու դպրոցէն ներս կ՚աջակցին առաջին անգամ մարտական բուժակներու ուսուցման գործին լծուած իրենց հայ գործընկերներուն։ Հարկ է նշել, որ այս նախագիծը մշակուած է ամերիկեան ծրագրի նմանութեամբ։ Մայքըլ Քարփենթըր այցելեց նաեւ Հայաստանի խաղաղապահ ուժերու հրամանատարութեան կեդրոնը, ուր տեսակցեցաւ այն զինուորականներուն եւ հրամանատարներուն հետ, որոնք ՆԱԹՕ-ի կամ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ կը մասնակցին խաղաղապահ առաքելութիւններու՝ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։
Շփումներուն շրջագծով Քարփենթըր մատնանշեց, թէ ԱՄՆ եւ Հայաստան անվտանգութեան ոլորտէն ներս ունին երկարամեայ գործակցութիւն, որ խարսխուած է հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու բարեկամութեան հիման վրայ։ Ըստ իրեն, 21-րդ դարուն, Եւրոպայի անվտանգութեան նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ չափազանց կարեւոր են Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի համատեղ ջանքերը՝ միտուած տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան ու բարեկեցութեան ամրապնդման եւ ամբողջական, ազատ ու խաղաղ Եւրոպայի տեսլականը յառաջ մղելու առումով։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մայքըլ Քարփենթըրի հետ զրուցելու ընթացքին Սերժ Սարգսեանն ալ կարեւորեց հայ-ամերիկեան համագործակցութիւնը պաշտպանական բնագաւառէն ներս։ Ան կանգ առաւ ամերիկեան կողմի աջակցութեան վրայ՝ Հայաստանէ ներս պաշտպանական բարեփոխումներու, ռազմաբժշկական, մարդասիրական ականազերծման եւ խաղաղապահութեան ոլորտներէ ներս կարողութիւններու զարգացման ուղղութեամբ։ Սարգսեան յոյս յայտնեց, թէ Քարփենթըրի շփումները եւս իրենց նպաստը պիտի բերեն Հայաստան-ԱՄՆ կապերու հետագայ զարգացման։ Զրոյցի տեւողութեան շեշտուեցաւ, որ Հայաստան եւ ԱՄՆ այսօր ունին ամուր գործընկերային յարաբերութիւններ թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի հարթութիւններու վրայ։ Քարփենթըր երախտագիտութիւն յայտնեց խաղաղապահ գործողութիւններու մէջ Հայաստանի ներդրման համար։
Հանդիպման տեւողութեան քննարկուեցան ռազմական, միջազգային եւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան հետագայ զարգացման վերաբերեալ քայլեր։