ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ՄԵԾ ԴԱՇՏ

Նիւ Եոր­քի մէջ իր ա­ւար­տին հա­սաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ), Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ու թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րու դի­ւա­նի ան­դամ­նե­րուն եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն միա­ցեալ ժո­ղո­վը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ, Նիւ Եոր­քի մէջ, 31 Հոկ­տեմ­բեր-1 Նո­յեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ այս միա­ցեալ ժո­ղո­վը՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, «Ե­կե­ղե­ցին տա­նիլ դէ­պի ժո­ղո­վուր­դը, հաս­նիլ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յու­թեան» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս միա­ցեալ ժո­ղո­վը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Եր­կօ­րեայ նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին քննար­կուե­ցան Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յու­թեան, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն, ա­նոնց յաղ­թա­հար­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ այլ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ ցու­ցա­բե­րուող զօ­րակ­ցու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թիւն-ե­կե­ղե­ցի կա­պի ամ­րապնդ­ման, ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կա­րե­ւո­րուե­ցաւ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման եւ աշ­խար­հա­վար կար­գե­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ հայ­րե­նա­նուէր հայ ե­րի­տա­սար­դի կեր­պա­րի ձե­ւա­ւոր­ման եւ ազ­գա­յին զգա­ցում­նե­րու զօ­րաց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կու­մը։

Ա­ռա­ջին օ­րը ԳԽՀ­-ի գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ռօտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան։ Պերճ Սեդ­րա­կեան անդ­րա­դար­ձաւ ՀԲԸՄ-ի եւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս խօ­սուե­ցաւ ջան­քե­րու մէկ­տեղ­ման անհը-րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին ի նպաստ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յու­թեան եւ ա­նոր ազ­գա­յին-հո­գե­ւոր կեան­քի խթան­ման։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Պերճ Սեդ­րա­կեան յա­նուն ՀԲԸՄ-ի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ։

Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու բաժ­նի պա­տաս­խա­նա­տու Քրիս­տո­ֆըր Յա­կոբ Զա­քեան բա­նա­խօ­սեց «Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ» նիւ­թին շուրջ։ Այս շրջագ­ծով ան վի­ճա­կագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցուց Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի հա­յոց ե­րեք թե­մե­րէն ներս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան մա­սին։ Պատ­մա­բան Տքթ. Ռէյ­չըլ Կօշ­կա­րեան հան­-դէս ե­կաւ զե­կու­ցու­մով մը՝ «Հա­ւատ­քի եւ մշա­կոյ­թի հա­մե­մա­տա­կան պատ­կե­րը. ի­րո­ղու­թիւն­ներ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ» նիւ­թով։ Զե­կուց­ման ա­ւար­տին ան ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­ջարկ­ներ՝ ԱՄՆ-ի հա­յե­րուն հաս­նե­լու եւ զա­նոնք ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին ներգ­րա­ւե­լու հնա­րա­ւոր ու­ղի­նե­րուն շուրջ։ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Թե­մա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Տքթ. Ճո­զէֆ Կա­նի­մեան կանգ ա­ռաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թեան ա­պա­գայ տես­լա­կա­նին վրայ։ Բո­լոր քննար­կում­նե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին չորս ե­րի­տա­սարդ աշ­խար­հա­կան­ներ եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի թե­մե­րէն, ինչ­պէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի «Ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­ներ» ծրագ­րէն։ Ա­նոնք ի­րենց պատ­կե­րա­ցում­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ե­կե­ղե­ցի-ե­րի­տա­սար­դու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ ա­նոնց ա­պա­գա­յին, նոր սե­րուն­դի հետ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան խնդիր­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

Ժո­ղո­վի երկ­րորդ օ­րը ժո­ղո­վա­կան­նե­րը ըստ էու­թեան կեդ­րո­նա­ցան ա­ռա­ջին օ­րուան նիւ­թե­րու քննարկ­ման վրայ։ Ար­դիւն­քին ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ, որ անհ­րա­ժեշտ է զա­նա­զան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ու ծրագ­րե­րով ա­ռա­ւել զօ­րաց­նել կա­պը ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մի­ջեւ, հա­ղորդ ըլ­լա­լով հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րուն՝ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կել զա­նոնք բար­ւոք լուծ­ման ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար։ Այս նպա­տա­կով ո­րո­շուե­ցան հե­տե­ւալ­նե­րը.

1- Ձե­ւա­ւո­րել Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ ՀԲԸՄ-ի «Ե­րի­տա­սարդ ար­հես­տա­վարժ­ներ»ու ծրագ­-րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն բաղ­կա­ցեալ աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ ինն ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կէ այս հա­մա­տեղ ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուած նիւ­թե­րը եւ հա­մա­պա­տաս­խան ռազ­մա­վա­րու­թեան եւ ծրագ­րե­րու մշակ­ման ուղ­ղու­թեամբ զե­կոյց պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դին։

2- Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեամբ 2018 թուա­կա­նը պի­տի հռչա­կուի ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի, որ պի­տի պսա­կուի Հա­յաս­տա­նի եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուե­լիք ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­ւա­քով մը։

3- Թե­մե­րէ ներս հո­վուա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չուած ե­րի­տա­սարդ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րուն հա­մար ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նով պի­տի նշա­նա­կուին հո­վուա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հո­գե­ւոր խորհր­դա­տու­ներ՝ փո­խան­ցե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ փոր­ձա­ռու­թիւն։

4- Պի­տի ստեղ­ծուի յանձ­նա­խումբ մը՝ ե­րեք ամ­սուան ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար հո­վուա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան հո­գե­ւոր խորհր­դա­տու­նե­րու ծրա­գի­րը, որ պի­տի գոր­ծադրուի Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի թե­մե­րէն ներս։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ԳՀԽ, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի ե­րեք թե­մե­րու ա­ռաջ­նորդ­ներն ու թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րու դի­ւան­նե­րուն ան­դամ­նե­րը եւ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը քննար­կե­ցին նաեւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի վե­րա­բե­րեալ այլ զա­նա­զան խնդիր­ներ։ Քննար­կում­նե­րու ար­դիւն­քին ո­րո­շուե­ցաւ ստեղ­ծել յանձ­նա­խումբ մը, որ հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խէ ներս հա­կա­մար­տու­թեան հե­տե­ւան­քով տու­ժած­նե­րուն օգ­տա­կա­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Հա­մա­տեղ ժո­ղո­վը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեան խօս­քով։ Այս առ­թիւ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ի­րա­կա­նա­ցուած եր­կօ­րեայ աշ­խա­տան­քին հա­մար՝ ընդգ­ծե­լով, որ ար­ծար­ծուած խնդիր­նե­րը կը մղեն ա­ւե­լի զօ­րաց­նե­լու եւ աշ­խու­ժաց­նե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ժո­ղո­վուր­դի եւ յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեան­քէն ներս։ «Շատ կա­րե­ւոր է աշ­խա­տան­քը ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ։ Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցին ա­մէն ինչ պէտք է ը­նէ՝ զօ­րա­վիգ ըլ­լա­լու հա­մար հայ ե­րի­տա­սար­դին, ա­նոր օգ­նե­լու հա­մար՝ գտնել զա­նա­զան հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խան­նե­րը եւ յաղ­թա­հա­րել իր կեան­քէն ներս առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։ Ե­րի­տա­սարդ­ներն են մեր վա­ղուան ա­ռաջ­նորդ­նե­րը։ Ա­նոնք պի­տի կեր­տեն մեր վա­ղուան օ­րը եւ պի­տի ա­պա­հո­վեն մեր ժո­ղո­վուր­դի ըն­թաց­քը գա­լիք ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ։ Կա­րե­ւոր է, որ ժո­ղո­վը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ։ Մեծ աշ­խա­տանք կայ մեր առ­ջեւ, ծա­ռա­յա­կան մեծ դաշտ եւ մենք ալ մեր հեր­թին պատ­րաստ ենք ա­ւե­լիով նպաս­տե­լու մեր թե­մե­րուն, որ­պէս­զի կա­րե­նան լա­ւա­գոյնս ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը։ Վստահ ենք, որ այս օ­րե­րուն առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը պի­տի ար­ձա­նագ­րեն փա­փա­քե­լի ար­դիւնք­ներ ու պի­տի կա­րե­նանք մեր ե­կե­ղե­ցին ալ ա­ւե­լի մեր­ձեց­նել մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ մեր ժո­ղո­վուր­դը ա­ռաջ­նոր­դել դէ­պի ե­կե­ղե­ցի», ը­սաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը յայտ­նեց իր գնա­հա­տան­քը թե­մա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն եւ թե­մե­րու սպա­սա­ւոր­նե­րուն նկատ­մամբ, ո­րոնց նուի­րեալ աշ­խա­տան­քով աշ­խոյժ կը պա­հուի ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­ւոր կեան­քը Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց ՀԲԸՄ-ի ան­դամ­նե­րուն՝ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ա­նոր ծրագ­րե­րուն ի նպաստ մշտա­կան զօ­րակ­ցու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն բե­րուած կա­րե­ւոր ներդր­ման հա­մար։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016