ՎԵՐՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
«Վաղը ամուսինիս տարեդարձն է, իրիկունը մեր բոլոր հարազատներն ու բարեկամները պիտի գան. պէտք է ամէն ինչ իր ուզածին պէս պատրաստեմ, մանաւանդ իրեն ամենասիրելի քաղցրեղէնին՝ Նափոլիոնին համը պէտք է իր քիմքին գոհացում տայ: Ուրիշ ի՞նչ պատրաստեմ, կ՚ուզեմ որ ամէն ինչ ձեռքիս գործը ըլլայ, դուրսէն պատրաստ բան մը պիտի չապսպրեմ»:
Այսպէս կը մտածէր Սրբուկ, որ քսանչորս տարուան ամուսնացած կին մըն է, սակայն այս տարի շատ աւելի խանդավառ է, քանի որ նոր տուն փոխադրուած են անոնք ու բաժնուած են կեսրոջմէն ու տալոջմէն: Սրբուկ կը սիրէր ու կը յարգէր իր կեսուրը, տալը, լուսահոգի կեսրայրը. անոնք մէկ ընտանիքի պէս էին:
Երբ հարս եկաւ Սրբուկ, այնպէս զգաց որ տակաւին կը մնայ իր հօրն ու մօրը տունը, միայն հայրն ու մայրը փոխուած են: Սրբուկին ամուսինը՝ Յովակիմ ընտանիքին մէկ հատիկ տղայ զաւակն էր, ունէր քոյր մը: Բոլորը իրարու հետ, երկար տարիներ, համերաշխ ապրեցան. հարցեր կը պատահէին անշուշտ, ինչպէս բոլոր ընտանիքներուն մէջ, բայց հոս հասունութիւնը, փոխզիջումը, հասկացողութիւնն ու գիտակցութիւնը կը հարթէր ամէն հարց: Երբեք առանձին չէր մնացած Սրբուկ այդ տան մէջ, առանձին՝ մանաւանդ ամուսնոյն հետ, միայն գիշերային անկողինի ջերմութիւնը երբեմն կը փաստէր անոնց միութիւնը, որ շատ յաճախ չէր ալ պատահեր:
Տարիները գլորեցան, Սրբուկ երեք զաւակ ծնաւ, որոնք հիմա արդէն մէյ մէկ երիտասարդներ են: Տան մէջ քնանալու տեղ չմնաց, ուստի Յովակիմ որոշեց առանձին տուն մը գնել եւ բաժնուիլ ընտանիքէն: Շատ դժուար էր անոր համար այս որոշման յանգիլը, քանի որ ան իր մօրմէն բաժնուելու գաղափարին երբեք չէր համակերպեր: Երկար-երկար մտածեց, մօրը հետ ալ խորհրդակցեցաւ, եւ մանաւանդ զգաց, որ բաժանումը մօր հանգստութեան համար ալ ձեռնտու է, տարիքը առած է ու ծերութիւնը անոր սեմին կանգնած, խաղաղ տան մը մէջ աւելի հանգիստ կ՚ընէ ան: Քոյրն ալ կայ, որ կրնայ հոգ տանիլ մօրը:
Ահա զաւակները մեծցան ու իւրաքանչիւրը ընկերային շրջանակ մը կազմեց: Աղջիկը աչքառու երիտասարդուհի մըն է, որուն համար թեկնածուները արդէն սկսած են տան դուռը թակել: Մինչ, երկու երիտասարդ մանչերը կ՚ուսանին եւ խաղաղ սենեակներու մէջ դաս պատրաստելու պէտքը կը զգան: Այս բոլոր մտածումներու եզրակացութեամբ առնուեցաւ տուն գնելու որոշումը:
Նոր տան մէջ, Սրբուկ նախ կը տխրէր, կը զզուէր առանձնութենէն, բայց հետզհետէ զգաց որ այսպէս շատ աւելի հանգիստ է: Ի՛ր տունն է: Ի՛նք միայն ընտանիքին հոգ պիտի տանի, անոնց ճաշը ի՛նք պիտի պատրաստէ:
Նախքան փոխադրուիլը Սրբուկին ընկերուհիները կ՚ըսէին Սրբուկին, որ առանձին ամուսնական կեանքը տարբեր է՝ հոն միայն կը զգաս ընտանիքդ, զաւակներդ առանձինդ կը դաստիարակես, ամուսնոյդ հետ առանձին ժամանակ կ՚անցընես. այսպէս պէտք է ըլլայ ամուսնական կեանքը, աս կեանքին լաւն ու վատը առանձին պէտք է դիմաւորես ու կեանքի փորձ շահիս. սակայն Սրբուկ խոտոր բաներ չէր նկատեր եւ կարիքն ալ չէր զգար առանձնանալու:
Հիմա է որ կը հասկնայ ընկերուհիներուն այդ խօսքերը, ճիշդ կը համարէ անոնց իւրաքանչիւր հնչիւնը, քանի հիմա կ՚ընկալէ «ընտանիք» բառին իսկական իմաստը, ճիշդ է որ զաւակները մեծցած են, բայց եւ այնպէս անոնց աս տարիքը եւս առանձին վայելելը տարբեր զգացում մըն է: Իսկ ամուսինը, որուն հանդէպ կոյր սէր մը մշակուած էր, յանկարծ հիմա աչքերը կը բացուին, կուրութիւնը կը փարատի, ու կը զգայ այն, զոր չէր զգացած ամուսնոյն հանդէպ: Անկաշկանդ հպումներ, անհաշիւ գիրկընդխառնումներ, կրքոտ համբոյրներ ու կարծես երիտասարդ սիրոյ ծածկուած արտայայտութիւնները հիմա լոյս աշխարհ կու գան: Սրբուկ ինքզինք կը զգայ նոր հարսի պէս. նոր զգացում մ՚է այս, որ երբեք չէ ապրած:
Ու մեռեալ փափաք մը կ՚արթննայ անոր մէջ, որ «երանի»ներու շարք մը կը հիւսէ, բայց ո՛չ, քայլ մը ետ կ՚առնէ ու «երանի»ները կը փոխարինէ «փառք»երով: Փառք կու տայ Բարձրեալին, որ արժանացուց զինք այս օրերուն եւս, աւելի լաւ է ուշ, քան՝ երբեք. այսպէս մտածելով, հրճուանքով ու խանդավառութեամբ եռուզեռի մը կը մատնուի:
Խոհանոցին մէջ յաջորդ օրուան պատրաստութիւնը կը դասաւորէ, թուղթի մը վրայ ցանկագրած է արդէն ու՝ բոլոր գնումները կատարած, ապրանքներու կոյտերը զիրար յարմարցնելով կարգի կը բերէ, որ մէկիկ-մէկիկ բաղադրութիւնները օգտագործէ: Ու ահա այդ պահուն աննկատ ձեռք մը կը հպի մէջքին, ապա համբոյր մը կը դրոշմուի ծոծրակին, Սրբուկ կը զգայ ամուսնոյն բոյրը, կը դառնայ ու փոխադարձ զգացումներու գիրկընդխառնում մը տեղի կ՚ունենայ:
Յաջորդ օրուան բուրումնաւէտ անուշեղէնները, խմորեղէնները, պտուղներու տեսականին ու խմիչքը արդէն պատրաստ են: Սրբուկ իւրաքանչիւրին մէջ կաթեցուցած է սէր ու երջանկութիւն, որոնք աւելի համեղ բոյր մը պարգեւած են պատրաստուած տեսականիին:
Յովակիմին յիսուներորդ տարեդարձն է. հրաւիրեալները կու գան ու տան գեղեցկութեամբ կը հմայուին, բայց նաեւ՝ անոնք կը նկատեն Սրբուկին աչքերուն փայլքը, որ կ՚արտացոլայ դէմքին վրայ՝ անոր երիտասարդ գեղեցկութիւն մը պարգեւելով:
Գեղեցիկ սեղանին շուրջ կը համախմբուին հարազատներ ու բարեկամներ, կեր ու խումը կը սկսի, ամէն ոք ուրախ է, մինչ կենացներուն մաղթանքները կը քաղցրանան երկար տարիներու կեանք ցանկալով Յովակիմին եւ իւրաքանչիւր կենացի մաղթանքէն ետք կը լսուի Սրբուկին սրտաբուխ «ամէն»ը:
Երիտասարդ զաւակները անակնկալ մը պատրաստած են Յովակիմին: Դուստրը դաշնամուր նուագող մըն է, ու կը սկսի դաշնամուրի թուշերուն հպելով գեղեցիկ երաժշտութիւն մը սփռել, որուն կը ձայնակցին երկու երիտասարդ եղբայրները՝ դաշնամուրին երկու կողմերը կանգնած ասպետները:
Բայց Սրբուկին ամբողջ ներաշխարհը յանկարծ խոր տխրութեամբ մը կը լեցուի, ան չ՚ուզեր արտայայտուիլ, բայց աչքերը կ՚արցունքոտին: Ու անբացատրելի զգացում մը կ՚ապրի, ներքուստ կը խեղդուի կարծես: Ո՛չ, ո՛չ երջանկութեան արցունքներ չեն ասոնք, այսպէս կը զգայ ան, նախազգացում մը կ՚ապրի երբ գէշ բան մը պիտի պատահի իր ամենամօտ հարազատներուն: Նոյն զգացումը ապրած էր կեսրայրին մահուան նախօրէին, նաեւ՝ անդրանիկ զաւկին արկածին լուրը չհասած, որմէ հրաշքով փրկուած էր հիմա դէմը կանգնած երիտասարդ զաւակը:
Կեղծ ժպիտ մը կը գծագրուի Սրբուկին դէմքին վրայ: Կը մօտենայ զաւակներուն, տրամադրութիւնը փոխելու համար կը փորձէ ճոխութիւն մը ստեղծել եւ երգին երաժշտութիւնը չաւարտած կ՚ընդմիջէ.
-Տարեդարձ է այսօ՜ր,- զաւակները կը շարունակեն:
Կարկանդակը կը բերուի, ամուսնոյն դիմաց կը տեղաւորուի ու բոլորը շուրջը կը հաւաքուին: Ընտանիքին անդրանիկը ինքնիկով մը կը յաւերժացնէ այս պահը:
Տարեդարձին տիրոջ գոյժը յաջորդ օրուան յետմիջօրէին կը մթագնէ բոլորին սրտերն ու հոգիները:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 05/10/2025