ԱՆԿախութեան Նարեկացին
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ձեռագրաց հաւաքածոյին մէջ կը պահպանուին Գրիգոր Նարեկացիի երկերու, ձեռագիր մատեաններու եւ հնատիպ գիրքերու կարեւորագոյն հաւաքածոն՝ զանազան դարերէ եկած եւ այսօրուան ու գալիք սերունդներուն համար պահ դրուած: Ահա թէ ինչու պատահական չէ անոր նուիրուած գիտաժողովի սկզբնաւորումը այստեղ՝ հայոց գիտական վայրերէն մէկուն մէջ, որ նաեւ ձեւով մը սրբավայր է հայոց պատմութեան եւ գրականութեան ժառանգութեան պահպանման առումով:
Գրիգոր Նարեկացին այն հայ հանճարներէն է, որ իր ստեղծագործութեամբ արդէն դուրս եկած է մեր ընկալումներու սահմաններէն եւ դարձած՝ համաշխարհային քրիստոնէական բանաստեղծութեան հսկաներէն մին: Անցեալ տարի, Հռոմի Պապին կողմէ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը ամենէն բարձր գագաթին դրաւ այս մեծ հայուն հռչակը: Տարուէ տարի աշխարհի մէջ կ՚աւելնան Գրիգոր Նարեկացիի գրական, հոգեւոր ժառանգութեամբ հետաքրքրուողները եւ զայն ուսումնասիրողները: Ոչ միայն հայեր, այլ նաեւ օտար գիտնականներ իրենց գիտական ուսումնասիրութեան նիւթը դարձուցած են Գրիգոր Նարեկացին ու անոր ամենէն նշանաւոր գործը՝ «Մատեան ողբերգութեան» երկը:
Արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով, Հայաստանի մէջ տեղի կ՚ունենայ «Նարեկացիական ընթեցումներ» միջազգային գիտաժողովը, որ կը համախմբէ հայ եւ օտար գիտնականներ, նարեկացիագէտներ: 28-29 Հոկտեմբերին, Երեւանի Մատենադարանի մէջ կայացած երկրորդ գիտաժողովին նոյնպէս ներկայ էին եւ զեկոյցներով հանդէս եկան նարեկացիագիտութեան բնագաւառի լաւագոյն մասնագէտներ, որոնց կարգին էին Մխիթարեան միաբանութենէն ներս պապական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր՝ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Ուքրայնոյ մէջ Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Մոնսենիէօր՝ Քլաուտիօ Քուչերոթթի, ֆրանսացի նշանաւոր հայագէտ, բանասէր եւ պատմաբան՝ Ժան-Փիէռ Մահէ, Օքսֆորտ համալսարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան»ի անուան հայագիտութեան դասախօս՝ Թէօ Մաարտըն Վան Լինտ, իսկ Հայաստանէն ելոյթներով հանդէս եկան Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, Փիլիսոփայական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեան, արուեստագիտութեան թեկնածու՝ Արուսեակ Թամրազեան:
Գիտաժողովի կազմակերպման աջակցած են Մատենադարանի Միջազգային կապերու բաժինը (Վարդի Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ) Մատենադարանի հրատարակութիններու եւ ժառանգութեան թուայնացման գիծով պատասխանատու Գուրգէն Գասպարեան, «Մատենադարանի բարեկամներ» եւ «Մաշտոց» հիմնադրամները, «Նաիրի» եւ «Անտարէս» հրատարակչութիւնները: «Նարեկացիական ընթերցումներ» երկրորդ միջազգային գիտաժողովը ընդգրկուած է «Անկախութեան Նարեկացին» ծրագրի շրջանակներուն մէջ, որ կ՚իրականացնէ «Մատենադարանի երիտասարդ գիտաշխատողներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ հասարակական կազմակերպութիւններուն տրամադրուող դրամաշնորհային ծրագրին եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին յայտարարած մրցոյթի շրջանակներէն ներս:
ԺԱՄԱՆԱԿ նոյնպէս ներկայ էր «Նարեկացիական ընթերցումներ» գիտաժողովին, ուր հարցազրոյցներ ունեցանք եւ զեկոյցները ունկնդրելու միջոցաւ ամփոփեցինք անցնող օրերու թերեւս ամենէն նշանակալի գիտական իրադարձութիւնը, որ կրկին լոյս սփռեց Մեծն Նարեկացիի անուան, գրական ու հոգեւոր հարստութեան վրայ:
Այս գիտաժողովին տակաւին անցեալ տարի նախաձեռնած է անուանի նարեկացիագէտ, Մատենադարանի վերջին տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան, որ այս տարուան Սեպտեմբերի 3-ին հիւանդութեան պատճառով հեռացաւ կեանքէն, եւ իր նախաձեռնած գիտաժողովը այս տարի տեղի ունեցաւ առանց իրեն, ու նուիրուած էր իր անմահ յիշատակին: Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի նիստերու դահլիճի բեմին վրայ զետեղուած էր անոր լուսանկարը, իսկ դահլիճի առաջին կարգին նստած էր Թամրազեանի ընտանիքը՝ տիկինը երկու դուստրերուն հետ: Անոնք ակնյայտօրէն յուզուած էին: Մատենադարանի մէջ առաջին նշանակալի ձեռնարկն էր, որ տեղի կ՚ունենար առանց Հրաչեայ Թամրազեանին:
Գիտաժողովին բացումը կատարելով՝ Մատենադարանի գիտական քարտուղար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան ըսաւ, թէ պատահական չէ նման գիտաժողով Մատենադարանին մէջ իրականացնելու նախաձեռնութիւնը, քանի որ հոս կուտակուած է մեծ փորձ՝ հայ միջնադարեան գրականութեան ուսումնասիրման ծիրէն ներս եւ անցեալի աւանդոյթները այսօր կը շարունակեն երիտասարդ բանաստեղծները, աստուածաբաններն ու նարեկացիագէտները: «Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, երկրորդ գիտաժողովը, այնուամենայնիւ, իրականութիւն դարձաւ կեանքի կոչելով Հրաչեայ Թամրազեանի փայփայած այս ծրագիրը, ինչպէս նաեւ ապահովելով ընթերցումներու շարունակականութիւնն ու պարբերականութինը: Անշուշտ, այս գործին մէջ վճռական նշանակութիւն ունէր Հրաչեայ Թամրազեան ոչ միայն իբրեւ տնօրէն, այլ՝ նարեկացիագիտութեան բնագաւառին մէջ լրջագոյն վաստակ ունեցող գիտնական: Եւ վերջապէս, 2015 թուականը դարձաւ մեկնարկային տարի, Հռոմի Պապին կողմէ Նարեկացիի հռչակումը որպէս Տիեզերական Վարդապետ, խթան հանդիսացաւ, որպէսզի շարունակական ըլլայ նախաձեռնութիւնը: Տեղին է նշել, որ Սրբազան Քահանայապետին այս պատմական որոշումը աննախադէպ հետաքրքրութիւն յառաջացուց աշխարհի մէջ ոչ միայն Նարեկացիի ստեղծագործութեան, այլեւ միջնադարեան ողջ մատենագրութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին հանդէպ», ըսաւ Վահան Տէր-Ղեւոնդեան:
Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» երկի ֆրանսերէն թարգմանիչ, անուանի հայագէտ, Փրոֆ. Ժան Փիէռ Մահէէն լուսաբանուեցանք, թէ որքանով ան կը կարեւորէ Նարեկացիին նուիրուած գիտաժողովը, որուն արդէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը մասնակցի Երեւանի մէջ։ «Նարեկացին մարդկային ցեղի ամենամեծ մխիթարիչներէն մէկն է, ան ինքնաճանաչման վարդապետներէն է, ուստի կարեւոր է ոչ միայն այս, այլ նաեւ այլ գիտաժողովներու կազմակերպումը՝ նուիրուած անոր ստեղծածին եւ այն ուսումնասիրութիւններուն, որոնք կատարուած են Նարեկացիի ժառանգութեան հիման վրայ: Ես երիտասարդ տարիքիս ծանօթացած եմ Նարեկացիի գործերուն, 1985 թուականին թարգմանած եմ, բայց քանի մը տարի թարգմանելէ ետք, երբ ձեռքս անցած է Հրաչեայ Թամրազեանի գիրքը, իմ ընկալումը Նարեկացիի հանդէպ ամբողջովին փոխուած է: Հրաչեայ Թամրազեանի գիրքերուն շնորհիւ շատերուն մատչելի դարձած է միջնադարեան Հայաստանի գրական եւ հոգեւոր դպրոցը եւ նարեկեան դպրոցը», ըսաւ Ժան Փիէռ Մահէ։
Բեմէն արտասանուած իր խօսքին մէջ Ժան Փիէռ Մահէ ըսաւ. «Վերջին յիսուն տարիներուն քանի մը նարեկացիագէտներ եղած են, որոնց անունները կարօտով կ՚ոգեկոչենք՝ Պարոյր Սեւակ, Մկրտիչ Մկրեան, Վազգէն Գէորգեան, Լեւոն Մկրտչեան, Արշալոյս Ղազինեան, Պօղոս Խաչատրեան եւ այլք, բոլորին աշխատանքներուն ալ պարտական կը զգամ իմ նարեկեան ուսումնասիրութիւններուս համար, սակայն 1980-ական թուականներուն Թամրազեանի նարեկեան առաջին գրութիւնները կարդալու ժամանակ անմիջապէս խանդավառուեցայ ու շատոնց իմ դրած բոլոր հարցումներուն յստակ պատասխանները գտայ: Նարեկացին ոչ միայն հայերուն, այլեւ բոլոր ազգերուն բանաստեղծն է, բոլոր հողածին մարդոց: Ան նպատակ ունի խոստովանիլ ոչ միայն իր մեղքերը, այլեւ մարդկային մեղքերը՝ Ադամէն մինչեւ մեզմէ հազարամեակներ յետոյ ապրելիք սերունդներուն: Ահա այդպիսի նպատակներ ունեցող մատեանը չի կրնար մէկ վայրի եւ մէկ ժամանակի արգասիքը հանդիսանալ:
«Այսօր Նարեկավանքը չկայ, բայց անոր մէջ ստեղծուած հոգեւոր ժառանգութիւնը պահպանուած է Մատենադարանին մէջ, որպէս այն սրբավայրին, ուր կը վերակենդանանան հայ հանճարները»:
Ժան Փիէռ Մահէ իր զեկուցումը խորագրած էր «Հրաչեայ Թամրազեանը եւ Նարեկավանքը. Հայ ժողովուրդի հոգեւոր հանճարի պատմութեան նոր էջ մը», որուն միջոցաւ հանգամանալից կերպով ներկայացուց Թամրազեանի բերած նորութիւնը՝ նարեկացիագիտութեան մէջ:
Ելոյթ ունեցողներուն մէջ էր մեր լաւագոյն հոգեւորական-գիտնականներէն մին՝ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ Անանեան, որ խօսեցաւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին եւ Սողոմոնի ապաշխարհութիւնը. Ս. Գրիգոր Նարեկացիի կողմէ սուրբգրային անվաւեր երկի օգտագործման օրինակ մը» նիւթով:
Խօսելով «Մատեան ողբերգութեան»ի մասին, ան ըսաւ. «Մատեանեի ուսումնասիրութիւնը, հայագիտութեան ամենէն բեղմնաւոր ոլորտներէն մէկն է։ Նարեկացիի ստեղծած երկին անդրադարձած են եւ կը շարունակեն անդրադառնալ թէ՛ աստուածաբաններ, թէ՛ փիլիսոփաներ, թէ՛ լեզուաբաններ եւ թէ նոյնիսկ բժիշկ-հոգեբաններ, այս մէկը, ի դէպ, բաւական նոր երեւոյթ մըն է: Բայց հակառակ այսքան ուսումնասիրուած ըլլալուն, «Նարեկ» մատեանի մէջ կիրառուած սկզբնաղբիւրներու վերհանման առումով արդի նարեկագիտութեան մէջ տակաւին ընելիք շատ բան կայ: Այս իմաստով, ինծի համար եւ կը կարծեմ շատերուն համար անփոխարինելի էր «Գրիգոր Նարեկացին եւ Նոր պղատոնականոթիւնը» երկը: Լուսահոգի Հրաչեայ Թամրազանի այս գործը ես կը նկատեմ սկիզբ մը եւս ու մեկնակէտ՝ Նարեկի ուսումնասիրութեան համար», ըսաւ Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան:
Գիտաժողովի առաջին օրը ելոյթ ունեցաւ նաեւ գիտնական, նարեկացիագէտ, հայագէտ, Մխիթարեան միաբանութենէն ներս պապական պատուիրակ, քանի մը համալսարաններու դասախօս, «Մատեան ողբերգութեան» երկի իտալերէն թարգմանիչ Հայր Լեւոն Զէքիեան, որ զեկոյց մը ունեցաւ «Նարեկացին ու մարդկային լեզուի երկփեղկումին եզակի կիրառադաշտը՝ աստուածաբանական լեզուահամակարգը» խորագրեալ նիւթով եւ խօսեցաւ Նարեկացիի այն մեծ դերին մասին, որ այսօր կայ աշխարհի մէջ եւ որ տակաւին ընդլայնուելու տեղ ունի: Իր ելոյթին սկզիբը ան նոյնպէս յարգանքի խօսք ըսաւ Հրաչեայ Թամրազեան գիտնականին մասին։ «Այս պահուս խօսիլ այս ընտրանիի ներկայութեամբ, թէ՛ մեծ պատիւ է, թէ՛ ալ մեծ յուզումի առիթ, քանի որ արդէն ոգեկոչեցինք մեր յոյժ սիրելի Հրաչեայ Թամրազեանի մեզմէ ֆիզիքապէս անդարձ բաժանման պարագան, բայց վստահ եմ, որ իր հոգին յատկապէս կը թեւածէ այս սրահին մէջ, այսօր մասնաւորապէս մեզի հետ է, եւ նարեկացիագիտութեան բնագաւառին մէջ իր շատ ինքնատիպ կերպով ներդրած, ցանած սերմերը արդէն սկսած են ծլիլ, բողբոջիլ, եւ այս «Նարեկացիական ընթերցումներ»ը, իմ կարծիքովս, ատոր մեծագոյն փաստերէն մէկն է:
«Երկու օր առաջ կը գտնուէի Հռոմ, Մարիամ կոչուած աստուածաբանական բաժինին մէջ հանդիսաւոր նիստ մը կար եւ այնտեղ ըսուեցաւ, որ այս շատ մեծ վարդապետը պէտք է աւելի ճանաչում գտնէ ընդհանուր քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ: Ես ըսի՝ շատ ճիշդ է, բայց նաեւ մենք՝ հայերս, պէտք է կարենանք աւելի լաւ ճանչնալ, նոյնիսկ պիտի համարձակէի ըսել` յայտնաբերել մենք մեզի համար Գրիգոր Նարեկացին: Նախ եւ առաջ, որովհետեւ անծիր ովկիան մըն է ան, որքան ուսումնասիրես, այնքան կը խորասուզուիս: Բայց պէտք է ըսեմ նաեւ, որ այսօր, ցաւ ի սիրտ, մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան համար Նարեկացիին գրեթէ միայն անունը ծանօթ է: Ես պիտի երազէի այն օրը, երբ Նարեկացիի մասին խօսուէր ոչ միայն այս գեղեցիկ դահլիճին մէջ, այլ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, եւ Հանրապետութեան հրապարակը յորդէր ժողովուրդի բազմութեամբ: Այն ատեն միայն պիտի կարենանք ըսել, որ Նարեկացին որոշ չափով սկսեր ենք իւրացնել: Սկսեր ենք իրապէս մերը ընել: Քիչ առաջ Փրոֆ. Մահէն յիշեց ֆրանսական դասական գրականութեան ուսուցման աւանդութիւնը: Դժբախտաբար այսօր աշխարհը հոգեկան մեծ աղէտի մը մէջ է արդէն, դասական մշակոյթը գրեթէ ամէն օր քիչ մը աւելի փուլ կու գայ: Ես Իտալիոյ մէջ կրնամ մարդուն տարիքը չափել Տանթէէն կատարած մեջբերումներով: Մարդիկ կան, որոնք բացառիկ են, եզակի հաճոյք կը պատճառեն, երբ կը խօսին, գրեթէ ամէն եօթ-ութ նախադասութեան մէջ Տանթէէն տող մը կը մէջբերեն: Այս մարդիկը անպայման վաթսունէն, եօթանասուէն վեր մարդիկ են, բայց կամաց-կամաց այս յաճախականութիւնը կը նուազի: Իսկ ներկայ սերունդը արդէն, կասկածելի է, որ Տանթէի իտալերէն բնագիրը կարենայ կարդալ եւ լրիւ հասկնալ: Բնականաբար, Նարեկացիի պարագան քիչ մը տարբեր է: Ան իր լեզուական ճոխութեամբ ողջ հայ ժղովուրդի հոգին իր մէջ կը պարուրէ, նաեւ հայերէն լեզուի գանձարանն է մինչեւ իր ժամանակները:
«Ամէն տարի այս ընթերցումները քայլ մը աւելի առաջ պիտի տանին Նարեկացին: Եւ նաեւ խորհինք, թէ այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ հռոմէական եւ բիւզանդական քաղկեդոնական աւանդութեան չպատկանող սուրբ մը Հռոմի եկեղեցւոյ կողմէ Տիեզերական Վարդապետ հռչակուեցաւ: Մէկուկէս միլիոն կը հաշուէ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցին եւ հարիւր հազարաւոր սուրբեր ունի, բայց մինչեւ այսօր միայն 36-րդ վարդապետն է տիեզերական: Ասիկա արդէն ինքնին անոր մեծութեան մասին կը խօսի... Ես «Նարեկ»ի իտալերէն թարգմանութիւնը ձօնած եմ մեր նահատակներուն, որոնք դէպի մահ գացին Նարեկ մրմնջալով, Նարեկ աղօթելով», ըսաւ Հայր Լեւոն Զէքիեան:
Օքսֆորտի համալսարանէն Փրոֆ. Թէօ Մաարտըն Վան Լինտի հետ խօսեցանք անոր մեծ նուիրումին մասին, ինչ որ ան ունի հայ գրականութեան եւ հայոց լեզուին հանդէպ:
Նշանաւոր հայագէտը նոյնպէս արդի նարեկացիագէտներէն է եւ մեզի պատմեց, թէ ինչպէս զանազան համալսարաններու մէջ իր դասախօսութիւններուն ընթացքին զրոյցներ կ՚ունենայ Նարեկացիի մասին, եւ իր պայուսակին մէջ միշտ «Նարեկ»ը կը պահէ, իբրեւ անփոխարինելի գանձ մը: Հանելով պայուսակէն՝ Թէօ Մաարտըն Վան Լինտ ցոյց տուաւ Էջմիածնի մէջ հրատարակուած «Նարեկ»ի մէկ օրինակը եւ ըսաւ, որ ամէնուր կ՚ընթերցէ, եւ մարդիկ կը կարծեն, թէ Աստուածաշունչ կը կարդայ: «Բայց ասիկա Նարեկն է, որ միշտ իմ հետս է: Երբ մարդը ոչ միայն հիւանդ է, այլ նաեւ՝ մեղաւոր, իսկ մենք ամէնքս մեղք կը կրենք մեր մէջ, Նարեկը կը բուժէ անշուշտ, կ՚օգնէ ազատիլ մեղքէն: Շատ կարեւոր է այսօր Նարեկացին ներբեռնել համաշխարհային խորհրդապաշտական գրականութեան մէջ եւ իմ զեկոյցս նաեւ այդ մասին է:
«Շատ կարեւոր է, որ այս գիտաժողովը Հրաչեայ Թամրազեանի յիշատակին նուիրուած է: Թամրազեան լաւ հասկցած է Նարեկացին ու նարեկացիագիտութիւնը ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին, համաշխարհային մշակոյթին համար: Թող ամէն տարի իրականացուի այս գիտաժողովը եւ շարունակութիւն ունենայ», ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հետ զրոյցին յայտնեց Թէօ Մաարտըն Վան Լինտ:
Գիտաժողովին իր զեկոյցին ընթացքին ան համեմատութիւններ կատարեց Նարեկացիի եւ անգլիացի բանաստեղծ Ճոն Տոնի ստեղծագործութիւններուն միջեւ:
Իսկ գիտաժողովի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Հրաչեայ Թամրազեանի դուստրը արուեստագիտութեան թեկնածու՝ Արուսեակ Թամրազեան, որ խօսեցաւ «Ձայնի, երաժշտական հնչեղութեան փոխակերպումները Գրիգոր Նարեկացիի պատկերային համակարգին մէջ խորագրով» նիւթով եւ իր ելոյթը նուիրեց իր հօր պայծառ յիշատակին:
«Նարեկացիական ընթերցումներ» գիտաժողովը նշանաւորուեցաւ անով, որ մէկ անգամէն չորս գիրքի շնորհանդէս տեղի ունեցաւ։
Հայր Լեւոն Զէքիեանի կատարած «Մատեան ողբերգութեան» երկի իտալերէնի թարգմանութեան, Ժան Փիէռ Մահէի կողմէն նոյն գործի ֆրանսերէն թարգմանութեան, Սէյրանոյշ Մանուկեանի եւ Դաւիթ Ղազարեանի «Գրիգոր Նարեկացին հայ ձեռագրական արուեստի մէջ» պատկերագիրք-ուսումնասիրութեան եւ Հրաչեայ Թամրազեանի «Գրիգոր Նարեկացին եւ Նարեկեան դպրոցը» գիրքի համատեղ շնորհանդէսները: Վերջին ուսումնասիրութիւնը Հրաչեայ Թամրազեանի վերջին գիրքն է, որու վերջակէտը ան դրած է մահէն մէկ օր առաջ: Խորհրդանշական է, որ մինչեւ իր կեանքին վերջին ժամերը ան ապրած է Նարեկացիով եւ անոր մեծ ոգիի եւ ուժի ներքոյ ալ հեռացած է կեանքէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ