ԵԳԻՊՏՈՍԻՆ ՆՈՐ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ
Եգիպտոսի կառավարութիւնը չինական «Չայնա Ֆորչուն Լենտ Տեւելոփմընթ» ընկերութեան հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, որուն ծիրին մէջ չինական կողմը 20 միլիառ տոլարի ներդրում պիտի կատարէ Եգիպտոսի նոր մայրաքաղաքի կառուցման նախագծին մէջ:
Եգիպտոսի նոր մայրաքաղաքը պիտի գտնուի Գահիրէէն արեւելք: Անիկա պիտի ունենայ 57 միլիոն քիլօմեթր մակերես եւ պիտի ներառէ բնակելի ու գրասենեկային թաղամասեր, կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցային կեդրոններ: Քաղաքի կառուցման աշխատանքները արդէն սկսած են: Կը նշուի, որ մայրաքաղաքին պատրաստ ըլլալէն ետք, այդտեղ պիտի կարենայ ապրիլ 5 միլիոն մարդ: Կ՚ենթադրուի, որ 45 միլիառ տոլար արժողութեամբ մայրաքաղաքի կառուցման աշխատանքները պիտի աւարտին 2021-ին: Նոր մայրաքաղաք կառուցելու անհրաժեշտութիւնը ծագած է Գահիրէի գերբնակեցուածութեան պատճառով: