Ա. ՓելեշեանԻՆ Պարգեւ

Նշա­նա­ւոր հայ բե­մադ­րիչ-վա­ւե­րագ­րող, բե­մա­գիր, դե­րա­սան Ար­տա­ւազդ Փե­լե­շեան Չե­խիոյ Եիկ­լա­ւա քա­ղա­քին մէջ տեղի ու­նեցած Վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցած է պար­գե­ւի՝ հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հին մէջ ու­նե­ցած ա­ւան­դին հա­մար։

Ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ֆո­րու­մի տնօ­րէն Մա­րեք Կո­վոր­քան՝ խօ­սե­լով աշխարհահռչակ հայազգի արուես­տա­գէտ Ար­տա­ւազդ Փե­լե­շեա­նի ե­զա­կի տա­ղան­դին մա­սին, նշած է, որ ան կրցած է կեան­քին ի­մաս­տը փո­խան­ցել մեծ պաս­տա­ռին վրայ, քա­նի մը վայր­կեա­նի ըն­թաց­քին, իսկ ա­նոր աշ­խա­տե­լաո­ճը, ո­րով բե­մադ­րի­չը կը ստեղ­ծէ իր աշ­խա­տանք­նե­րը, միշտ պի­տի մնայ շար­ժա­պատ­կե­րի պատ­մու­թեան մէջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016