ՆՈՐ ԱՒԱԳ ՄԱՐԶԻՉԸ ՊԱՇՏՕՆԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՑ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի նո­րան­շա­նակ ա­ւագ մար­զիչ Ար­թուր Պետ­րո­սեան, որ 1 Նո­յեմ­բե­րի դրու­թեամբ ձեռ­նար­կած է պաշ­տօ­նի, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ՝ երկ­րի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­թուր Պետ­րո­սեան նշեց, որ կը պատ­րաս­տուի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կել հայ­կա­կան ընտ­րա­նին։ Իր օգ­նա­կան­նե­րը պի­տի ըլ­լան՝ Սար­գիս Յով­հան­նի­սեան եւ Ռազ­միկ Գրի­գո­րեան, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ մաս կազ­մած են հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նին։

Ե­րե­ւա­նի Ա­ւան ա­րուար­ձա­նի Ֆութ­պո­լի ա­կա­դե­միոյ մէջ ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեան շնոր­հա­ւո­րեց Ար­թուր Պետ­րո­սեա­նը եւ ա­նոր մաղ­թեց յա­ջո­ղու­թիւն, բեղմ­նա­ւոր աշ­խա­տանք։ Ան տե­ղե­կա­ցուց, որ Պետ­րո­սեա­նի հետ կնքուած է եր­կու տա­րուան պայ­մա­նա­գիր։

Ար­թուր Պետ­րո­սեան հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի լա­ւագ­ւոյն կի­սա­պաշտ­պան­նե­րէն մին ե­ղած է։ Բա­ցի Հա­յաս­տա­նէն, ան ֆութ­պոլ խա­ղա­ցած է Իս­րա­յէ­լի, Ռու­սաս­տա­նի եւ Զուի­ցե­րիոյ մէջ։ 1992-2005 թուա­կան­նե­րուն 69 ան­գամ հան­դէս ե­կած է հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նի մար­զա­շա­պի­կով, դառ­նա­լով 11 կո­լի հե­ղի­նակ։ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու լա­ւա­գոյն երկ­րորդ ռմբար­կուն է։ Որ­պէս մար­զիչ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լել սկսած է 2006 թուա­կա­նին։ Այս տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ աշ­խա­տած է Զուի­ցե­րիոյ մէջ, մինչ այդ կարճ ժա­մա­նակ մը ե­ղած է հայ­կա­կան ընտ­րա­նիի ա­ւագ մար­զի­չին օգ­նա­կա­նը։ Այս տա­րի ստա­ցած է մարզ­չա­կան ՓՐՕ վկա­յա­կա­նը։

Ար­թուր Պետ­րո­սեան այ­լեւս պի­տի չաշ­խա­տի ար­տա­սահ­մա­նի մէջ եւ Հա­յաս­տա­նի ա­ռաջ­նու­թեան խա­ղե­րու ժա­մա­նակ ար­դէն վե­րա­դար­ձած պի­տի ըլ­լայ եր­կիր։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016