Չորեքշաբթի 25, Դեկտեմբեր 2024
ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
Համացանցի վրայ արդէն հասանելի դարձած է հայերէն Աստուածաշունչը՝ ելեկտրոնային տարբերակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, արդէն շուրջ 8500 հոգի ներբեռնած է այդ մէկը։
Արարատեան Հայրապետական Թեմի նախաձեռնութեամբ համացանցի վրայ զետեղուած է այս հայերէն Աստուածաշունչը։ Թեմի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ սոյն նախագծի հեղինակը կամաւոր սկզբունքներով, սիրայօժար կը կատարէ այս աշխատանքը։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016