ՀՏՓ-ԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ

Խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը՝ Ֆի­կէն Եիւք­սեք­տաղ, Սե­լա­հատ­տին Տե­միր­թաշ եւ Սըր­րը Սիւ­րէյ­յա Էօն­տէր, ինչ­պէս նաեւ ՀՏՓ­-ա­կան այլ ինն ե­րես­փո­խան­ներ ե­րէկ ուշ գի­շե­րին առ­նուե­ցան հսկո­ղու­թեան տակ։ Տե­միր­թաշ ձեր­բա­կալ­ման պա­հան­ջով ու­ղար­կուա­ցաւ դա­տա­րան։

NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ՀՏՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան­նե­րուն ուղ­ղեալ այս գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ այն ա­հա­բեկ­չա­կան հե­տաքն­նու­թեան շրջագ­ծով, որ յա­ռաջ կը տա­րուի Տիար­պա­քը­րի, Հաք­քեա­րիի, Վա­նի, Շըր­նա­քի եւ Պին­կէօ­լի Հան­րա­պե­տա­կան ա­ւագ դա­տա­խա­զու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։ Խնդրոյ ա­ռար­կայ ե­րես­փո­խան­նե­րէն եր­կու­քը ներ­կա­յիս կը գտնուին ար­տա­սահ­մա­նի մէջ։

Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւնն ալ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ը­րաւ այս նիւ­թին շուրջ։ Այս առ­թիւ հա­ղոր­դուե­ցաւ, որ ե­րես­փո­խան­նե­րը ձեր­բա­կա­լուած են՝ պատ­կան ար­դա­րա­դա­տու­թեան մար­մին­նե­րուն յանձ­նուե­լու հա­մար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016