ՊՈՍԹՈՆԻ ՄԷՋ ԾՐԱԳԻՐ

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, Պոս­թո­նի հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րուես­տի եւ գի­տու­թեան գո­լէ­ճէն ներս դա­սա­ւան­դու­թիւն­ներ սկսած են Հո­լո­քոս­տի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս շրջագ­ծով կ՚ու­սու­ցուի նաեւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը, ինչ որ ար­ձա­գանգ գտած է հա­մալ­սա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ։ Հա­մալ­սա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կը յու­սայ, որ այս դա­սըն­թաց­քին շնոր­հիւ ու­սա­նող­նե­րը ոչ միայն պատ­մու­թիւն կը սոր­վին, այ­լեւ բա­ներ մը կը սոր­վին նաեւ պատ­մու­թե­նէն։

Վե­րո­յի­շեալ գո­լէ­ճի դա­սա­խօս­նե­րէն Փրոֆ. Նեն­սի Հա­րո­վից, որ Հո­լո­քոս­տի պատ­մու­թեան մաս­նա­գէտ մըն է՝ նշած է, որ այս դա­սըն­թաց­քի ար­դիւն­քին ու­սա­նող­նե­րը պի­տի սոր­վին, թէ ինչ­պէս տե­ղի ու­նե­ցած են 20-րդ դա­րու ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի, պե­տա­կա­նօ­րէն հո­վա­նա­ւո­րուած զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, 20-րդ դա­րուն եւ ներ­կայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին աշ­խար­հի վրայ տե­ղի ու­նե­ցած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին ու­սու­ցու­մը կը պաշտ­պա­նէ յի­շո­ղու­թիւ­նը։

Վե­րո­յի­շեալ դա­սըն­թաց­քին շրջագ­ծով ա­շա­կերտ­նե­րը կ՚աշ­խա­տին Եւ­րո­պա­յի մէջ ֆա­շիզ­մի, մար­դու մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պատ­մու­թեան եւ Հո­լո­քոս­տի, նաեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման նիւ­թե­րուն վրայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016