ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ԾԱՆՐ ՀԵՏԵՒԱՆՔ

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Տիար­պա­քը­րի մէջ կազ­մա­կեր­պուած պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ լուրջ ցա­սում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է այս դէպ­քը՝ թի­րա­խա­ւո­րած ըլ­լա­լով քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դը։

Ե­րէկ, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան յայտ­նի դար­ձաւ, թէ Տիար­պա­քը­րի պայ­թու­մին զոհ գա­ցած է ինն հո­գի։ Վի­րա­ւո­րեալ­նե­րուն թիւն ալ հա­սած է հա­րիւ­րի սահ­մա­նին։

Ի­ՇԻՊ-Ի ԴԷՄ ՀԱ­ՐՈ­ՒԱԾ

Մինչ այդ, Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ նոյ­նա­ժա­մա­նակ պայ­քար մղել մէ­կէ ա­ւե­լի ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Ե­րէկ, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խըմ-բա­ւոր­ման յար­ձակ­ման հե­տե­ւան­քով նա­հա­տա­կուած էր թուրք զի­նուոր մը։ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հու­թեան աղ­բիւր­նե­րը այս ա­ռա­ւօտ հա­ղոր­դե­ցին, որ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ոչն­չա­ցու­ցած են Ի­ՇԻՊ-ի 71 թի­րախ­ներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016