ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Այսպէս, նախկին պոլսահայ Գուրգէն Պերքսանլար արժանացաւ բարձր գնահատանքի։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ իրեն յանձնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը եւ համապատասխան սրբատառ կոնդակը, որոնք շնորհուած էին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։
Պըրպենքի առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան համաձայն, պարգեւատրումը կատարուեցաւ յընթացս Ս. Պատարագի։ Սրբոց Ղեւոնդեանց առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ Ս. Պատարագ մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն թեմ հրաւիրուած՝ Տ. Երեմիա Աբեղայ Աբգարեան: Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ ծուխի հոգեւոր հովիւ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան եւ սարկաւագները: Իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարեց Խաչատուրեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ դպրապետ Ստեփան Սրկ. Կէօզիւմեանի:
Առաւօտեան ժամերգութեան եւ Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Իսկ արարողութեան մասնակցեցան Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Տ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեան, Տ. Սիփան Ա. Քհնյ. Մխսեան եւ Տ. Միքայէլ Քհնյ. Կիւրեղեան:
«Հայր մեր» էն առաջ Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան՝ սարկաւագներու եւ դպիրներու թափօրով Մայր տաճարի գաւիթէն ափսէին մէջ դրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակով, Տէր եւ Տիկին Գուրգէն եւ Թամար Պերքսանլարը եւ իրենց զաւակները առաջնորդեց դէպի դաս, մինչ երգչախումբը կ՚երգէր «Ուրախ լեր» շարականը:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր բարեխօսութեամբ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ շքանշանով պարգեւատրած էր Գուրգէն Պերքսանեարը: Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան սրբատառ կոնդակը: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց «Ս. Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ Շքանշանին պարգեւատրումը: Սրբազան Հայրը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Նորին Սուրբ Օծութեան յղած կոնդակի բովանդակութեան, շեշտեց Գուրգէն Պերքսանլարին կատարած նուիրեալ ծառայութիւնը Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայց. Եկեղեցւոյ, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ), Պոլսահայ միութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու: Ապա ի սրտէ շնորհաւորեց զինք եւ իր ընտանքիը՝ քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան բարեմաղթութիւններ կատարելով:
Առ ի գիտութիւն, կը ներկայացնենք Գուրգէն Պերքսանլարի հակիրճ կենսագրութիւնը:
Գուրգէն Պերքսանլար աստուածասէր եւ բարեպաշտ ծնողներու զաւակ է, մեծցած է յարգանքի եւ սիրոյ զգացումներով հանդէպ բոլոր սրբութիւններու՝ յատկապէս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Ծնած է Իսթանպուլ, 1955 թուականին: 1978 թուականին տեղափոխուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ 1986 թուականին ամուսնացած՝ Թալին Պերքսանլարի հետ եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով:
1980 թուականէն ի վեր վարած է զանազան պաշտօններ հայ գաղութէն ներս. ինչպէս ՝ Մշակութային յանձնախումբի իբրեւ ատենապետ, Պոլսահայ միութեան իբրեւ փոխ-ատենապետ եւ ատենապետ, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ երկար տարիներու անդամ, ՀԲԸՄ-ի Ասպետնետու հիմնադիր անդամ, փոխ-ատենապետ եւ ատենապետ, ՀԲԸՄ-ի Վարչական մարմնի անդամ եւ այլն:
Գուրգէն Պերքսանլար այսօր եւս իր եռանդուն եւ աշխոյժ գործունէութիւնը կը ծաւալէ գաղութէն ներս եւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ՝ իր կարողութիւններու չափով:
Իր կեանքի նշանաբանն է, սիրել եւ նուիրուիլ Հայ Եկեղեցիին եւ ազգին՝ ամբողջ սրտով եւ հոգիով:
Օրուան Ճաշու աւետարանի ընթերցումը նկատի ունենալով, Սրբազան Հայրը ամփոփ կերպով խօսեցաւ «այրի կնոջ լումայ»ի մասին:
ԱՅՐԻ ԿՆՈՋ ԼՈՒՄԱՆ
«Կայր Յիսուս ընդդէմ գանձանակին, տեսանէր թէ զիա՞րդ ժողովուրդն արկանէր պղինձ ի գանձանակն, եւ բազում մեծատունք արկին բազում ինչ: Եկն այրի մի եւ արկ երկու լումայս, որ է նաքարակիտ մի: Եւ կոչեցեալ առ ինքն զաշակերտսն իւր ասէ ցնոսա: Ամէն ասեմ ձեզ, զի այրին այն տառապեալ շատ արկ քան զամենեսեան որ արկին ի գանձանակն: Քանզի ամենեքին յաւելորդաց իւրեանց արկին, այլ նա ի չքաւորութենէ իւրմէ` զամենայն ինչ զոր ունէր արկ, գոյիւ չափ զկեանս իւր» (Մարկոս ԺԲ. 35-44):
Օրուան Աւետարանի դասը կարդալէ յետոյ խորապէս ըմբռնելով տրուած պատգամին իմաստն ու օգտակարութիւնը, անընդհատ կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ զայն առընչել նաեւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին հետ, որովհետեւ մեր Ս. Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն այս շաբաթավերջին Հայց. Եկեղեցին տօնախմբեց Թարգմանիչ վարդապետներու տեսիլքն ու վաստակը, անոնց սրբակենցաղ կեանքը:
Առաջին հերթին մեր աչքի առաջ ունենանք կերպարը այրի կնոջ, որուն կատարածը Քրիստոս մատնացոյց կ՚ընէ եւ Իր աշակերտներուն յղելով Իր խօսքը կ՚ըսէ. «Քանզի ամենեքին յաւելորդաց իւրեանց արկին, այլ նա ի չքաորութենէ իւրմէ` զամենայն ինչ զոր ունէր արկ, գոյիւ չափ զկեանս իւր»:
Այրի կինը մեզի կը ներկայացնէ հաւատքով հարուստ ու հոգեւոր կեանքի գիտակից տէր անձնաւորութիւնը, որ իր նուիրումին մէջ չափ ու կշիռ չի հաստատեր: Ան Աստուծոյ տան կը մատուցէ իր ամբողջ ունեցածը, հակառակ այն հանգամանքին, որ չքաւորութեան մէջ երեւելի էր դարձած ան, ի տարբերութիւն այն բոլորին, որոնք իրենց աւելորդացէն կը դնէին տաճարի գանձանակին մէջ: Եւ եթէ նոյնիսկ իրենց տուածին չափը աւելի էր այրի կնոջ նուիրաբերածի հետ համեմատաբար, այդ աննկատ կը մնայ Քրիստոսի աչքին, որովհետեւ այրին` ինչպէս Աւետարանը կ’արձանագրէ Քրիստոսի խօսքը տաճարի գանձանակին մէջ դրած էր «գոյիւ չափ զկեանս իւր»:
Արդարեւ, կեանքի այս օրինակը ուղեցոյց պիտի ըլլայ բոլորիս համար եւ ինչպիսի պաշտօնի ու դերի մէջ գտնուինք՝ ծնողք, թէ ուսուցիչ, որպէս հոգեւորական թէ բժիշկ, որպէս գործարար թէ ճարտարապէտ, պարտ ենք մեր հոգին դնել մեզի վստահուածի մէջ, որպէսզի իրականութեան վերածենք ճշմարիտ երազներ ու բարի առաքելութիւններ:
Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ ողջունեց եւ հաւատացեալներուն ներկայացուց Թեմական խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Ժոզէֆ Կանիմեանը, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-նախագահ Սինան Սինանեանը եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան 95-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան առթիւ Արժանթինէն ժամանած՝ ՌԱԿ-ի ատենապետ Սէրգիօ Նահապետեանը:
Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով հոգեհանգիստ կատարուեցաւ վերջերս Հալէպի մէջ զոհուած հայորդիներու հոգիներուն համար: Իսկ Խաչատուրեան երգչախումբի խնդրանքով հոգեհանգիստ կատարուեցաւ երջանկայիշատակ Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանի, որ 1927 թուականին Արեւմտեան Թեմի առաջին առաջնորդը եղաւ, ապա ընտրուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարք, որուն անունը կը կրէ երգչախումբը։ Պոլսոյ երջանկայիշատակ պատրիարքներ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի, Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի, Տ. Շահան Արք. Սվաճեանի, Խաչատուրեան երգչախումբի նախագահ եւ Իսթ Լոս Անճելըսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդան Ա. Քհնյ. Տիւլկէրեանի, երգչախումբի անդամ սարկաւագներու, անդամներու եւ ծառայող այլ հաւատացեալներու հոգիներուն համար։