ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՎՐԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱԳՐԱՏԱՇԷՆ ՄԱՔՍԱՏՈՒՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ

Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նի պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րուն կող­մէ կը ծա­ւա­լուին հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ։ Նոյ­նիսկ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ կը խրա­խու­սուի հայ-վրա­ցա­կան սահ­մա­նի մաք­սա­կէ­տե­րուն ար­դիա­կա­նա­ցումն ու անց­քե­րու պայ­ման­նե­րուն բա­րե­լա­ւու­մը։

Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նի ընդ­հա­նուր ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան ուղ­ղեալ այս աշ­խա­տանք­նե­րը կը խրա­խու­սուին մաս­նա­ւո­րա­պէս Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան, ներդ­րում­նե­րու Եւ­րո­պա­կան դրա­մա­տան եւ ՄԱԿ-ի զար­գաց­ման ծրագ­րին կող­մէ։

Ե­րէկ, Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նի հայ­կա­կան կող­մին վրայ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Բագ­րա­տա­շէն, Բաւ­րա եւ Գո­գա­ւան անց­ման կէ­տե­րու ար­դիա­կա­նաց­ման ծրագ­րին շրջագ­ծով։ Բագ­րա­տա­շէ­նի մաք­սա­տունն ու սահ­մա­նա­յին անց­ման կէ­տը վեր­ջին շրջա­նին էա­պէս վե­րա­նո­րո­գուած է հայ­կա­կան կող­մին ջան­քե­րով։ Բո­լոր կա­ռոյց­նե­րը ֆի­զի­քա­կան վե­րա­նո­րո­գու­թեան են­թար­կուե­լու ա­ռըն­թեր, օժ­տուած են ար­դիա­կան անհ­րա­ժեշտ սար­քա­ւո­րում­նե­րով։

Ե­րէ­կուան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան ո­լոր­տի բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը, ո­րոնք կա­տարուած աշխատանքներուն առընչու­թեամբ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։

Պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման այս հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան պա­տուոյ հիւ­րերն էին Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի։ Այս առ­թիւ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին վե­րա­նո­րո­գեալ հա­մա­լի­րէն ներս։ Բագ­րա­տա­շէ­նի սահ­մա­նա­յին անց­ման կէ­տի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի բաց­ման առ­թիւ Հա­յաս­տան ան­ցած Քվի­րի­քաշ­վի­լի ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը ու­նե­ցան նաեւ ա­ռանձ­նազ­րոյց մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­նոնք ծա­նօ­թա­ցան հայ-վրա­ցա­կան «Բա­րե­կա­մու­թեան կա­մուրջ»ի կա­ռուց­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այդ կա­մուր­ջի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը սկսի յա­ռա­ջի­կայ տա­րի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016