Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ
Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած կուսակցութիւններէն ՀՏՓ որոշեց կասեցնել իր մասնակցութիւնը խորհրդարանական աշխատանքներուն։ Ծանօթ է, որ այս կուսակցութեան ղեկավարներն ու շարք մը երեսփոխանները ձերբակալուած են, ինչ որ ստեղծած է լայն արձագանգ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ սոյն սխալ որոշումէն պէտք է փութով հրաժարիլ՝ քանի տակաւին ժամանակ կայ։ «Եկէ՛ք խորհրդարանի մէջ ամէն ինչ ըսէք», ըսաւ վարչապետը։
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 7, 2016