ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շաբաթավերջին այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Վարչապետի պաշտօնին կոչուելէ վերջ սա իր առաջին այցելութիւնն էր դէպի Արցախ։ Ստեփանակերտի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ ունեցաւ բազմաբնոյթ շփումներ։ Արցախի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ մէկտեղուելու առընթեր ան տեսակցեցաւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ այցելեց զօրամասեր։
Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան Կարէն Կարապետեանը պարգեւատրեց «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
Կարէն Կարապետեան Ստեփանակերտի մէջ համատեղ մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեց Լեռնային Ղարաբաղի Վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։