ՀՐԱՏԱՊ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ երէկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքարի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան տարածքաշրջանային անվտանգութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան կողմէ տեղեկացուեցաւ, թէ Աքար եւ Տանֆորտ կանգ առած են ՓԵՏ-ԵՓԿ ահաբեկչական խմբաւորումը Մեմպիչէն դուրս բերելու խնդրին եւ Ռաքքայի վերջին կացութեան վրայ։ Մուսուլի գործողութիւններն ալ մաս կազմեցին երկու բարձրաստիճան զին-ւորներու հանդիպման օրակարգին։ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ծաւալուած գործողութիւնները եւ տարածքաշրջանէն ներս դաւանական բնոյթով բախումներու ծագման վտանգը նոյնպէս ուշադրութեան առարկայ դարձան Աքար-Տանֆորտ հանդիպման ժամանակ։ Անոնք հերթական անգամ ընդգծեցին, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպան-ւի, իսկ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը յառաջ պէտք է տարուի համատեղ ջանքերով։
Մինչ Թուրք զինեալ ուժերը յաջողութեամբ կը շարունակեն «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, երէկուան տեսակցութեան ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ միջազգային համախոհութեան օդէն զօրակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ։ Տեղահանեալ ժողովուրդը ներկայիս սկսած է վերադառնալ դէպի Ճերապլուս ու միւս բնակելի շրջանները, ինչ որ կը նպաստէ տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան հաստատման։
Աքար եւ Տանֆորտ խօսեցան նաեւ յառաջիկայ շրջանին համար նախատեսուած կարգ մը խնդիրներու շուրջ։ Էլ-Պապի եւ Ռաքքայի պարագային անոնք կարծիքի փոխանակումներ ունեցան՝ միասնական պայքար մղելու համար ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ։ Թրքական կողմը օրակարգի վրայ բերաւ նաեւ իր զգայնութիւնները Թել Աւիւի եւ Շինճարի շուրջ՝ ընդգծելով, որ անմիջականօրէն կը հետեւի համապատասխան իրադարձութիւններուն։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ առկայ անհանգստութիւնը՝ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան ԱՄՆ-ի գործունէութիւններուն մասին։
Ճոզըֆ Տանֆորտի Անգարայի շփումները զուգադիպեցան այն օրուան, երբ Սուրիոյ Ժողովրդավարական ուժերը ձեռնարկեցին Ռաքքայի գործողութեան։ ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր ողջունեց այդ իրադարձութիւնը։
Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք շաբաթավերջին բացատրութիւններ տուաւ Թուրքիա-Իրաք սահմանին վրայ կատարուած կուտակումներուն շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ Թուրք զինեալ ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ կը սպասեն սահմանին վրայ։ Ըստ իրեն, տարածքաշրջանէ ներս կատարուած իրողութիւններով ժողովրդագրական փոփոխութիւնը անընդունելի է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Այդ տարածքաշրջանէն Թուրքիոյ դէմ ուղղուելիք որեւէ վտանգի պարագային անհրաժեշտ է պատրաստութիւն տեսած ըլլալ՝ արագօրէն չէզոքացնելու համար զայն։ «Ներկայ կուտակումները չեն նշանակեր, որ անպայման ուժ պիտի գործադրուի։ Մեր առաջնահերթութիւնն է մինչեւ վերջ օգտագործել դիւանագիտութիւնը», ըսաւ Ֆիքրի Ըշըք։