ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԱՀԱԶԱՆԳ
Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փաոլօ Ճենթիլիոնի այսօր կ՚այցելէ Երեւան։ Իտալացի նախարարը ուղեւորութիւն մը կ՚իրականցնէ դէպի Հարաւային Կովկաս եւ այս շրջագծով Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ շփումներ կ՚ունենայ նաեւ Երեւանի մէջ։ Ճենթիլիոնի կ՚ընդունուի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսանի եւ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։
Իտալացի պաշտօնակիցը հիւրընկալելու ընդառաջ Նալպանտեան վերջին օրերուն այցելեց Պերլին, ուր վարած բանակցութիւններուն առընթեր ելոյթով մը հանդէս եկաւ «Ֆրիտրիխ-Էպերթ» հիմնարկին կողմէ։ Խորհրդարանականներու, քաղաքագէտներու եւ վերլուծաբաններու ներկայութեամբ ան խօսեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Նալպանտեան ահազանգ հնչեցուց Ատրպէյճանի իրերայաջորդ սադրանքներուն դէմ։ Նախարարը կանգ առաւ նաեւ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու այն ջանքերուն վրայ, որոնք ուղղուած են հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու։