ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

 

Եր­կու ար­ժէք­ներ, ո­րոնք կը կա­նո­նա­ւո­րեն, կը կազ­մա­կեր­պեն մարդ­կա­յին կեան­քը եւ ըն­թաց­քը եւ ուղ­ղու­թիւ­նը կ՚ո­րո­շեն ա­նոր։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով, «հնա­զան­դու­թիւն» եւ «ա­զա­տու­թիւն» հա­կա­դիր ար­ժէք­ներ կ՚ե­րե­ւին մար­դուս բա­նա­կա­նու­թեան։

Ի­րա­պէս, կա­րե­լի՞ է, թէ՛ ա­զատ ըլ­լալ, թէ՛ հնա­զան­դիլ։ Ընդ­հան­րա­պէս ներ­հակ ար­ժէք­ներ կը կար­ծուին այս եր­կու­քը, խոր­հե­լով թէ՝ «ա­զա­տու­թիւն»ը մար­դուս կու տայ ան­սահ­ման կա­րո­ղու­թիւն եւ կա­րե­լիու­թիւն՝ մտա­ծա­ծը, ու­զա­ծը ը­նե­լու, ու­զած կեր­պով շար­ժե­լու, մէկ խօս­քով՝ բո­լո­րո­վին ա­զատ ու ան­կախ ըլ­լա­լու ա­մէն տե­սա­կէ­տէ։

Իսկ «հնա­զան­դու­թիւն»ը, ընդ­հան­րա­պէս ու­րի­շի մը հպա­տա­կու­թիւն, ու­րի­շէ մը կա­խում ու­նե­նալ, շար­ժում­նե­րը, վա­րուե­լա­կեր­պը սահ­մա­նել կ՚են­թադ­րէ։ Եւ այս ի­մաս­տով այն հա­մո­զու­մը կը գո­յա­նայ, թէ՝ հնա­զան­դու­թիւ­նը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը ի­րա­րու հա­կա­դիր ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ են, եւ զա­նոնք հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել կա­րե­լի չէ՛։

Ինչ­պէս ը­սինք, ա­ռա­ջին ակ­նար­կով կը հա­կա­սեն «հնա­զան­դու­թիւն»ը եւ «ա­զա­տու­թիւն»ը, ո­րոնք տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կ՚ազ­դեն մար­դուս կեան­քին։

Բայց հնա­զան­դիլ՝ եր­բեք չի՛ նշա­նա­կեր իր ա­զա­տու­թիւ­նը կորսնց­նել։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, հնա­զան­դու­թիւ­նը ա­ւե­լի եւս կ՚ընդ­լայ­նէ ա­զա­տու­թեան սահ­մա­նը։

Ար­դա­րեւ, այն որ կը հնա­զան­դի օ­րէն­քի, կա­նո­նի եւ ա­մէն օ­րի­նա­ւոր հրա­մա­նի՝ ա­զատ է, եւ կրնայ շար­ժիլ ա­զա­տօ­րէն օ­րի­նա­կան սահ­ման­նե­րու մէջ։

Ու­րեմն, տես­նենք, թէ ի՛նչ է «ա­զա­տու­թիւն»ը եւ ի՛նչ՝ «հնա­զան­դու­թիւն»ը։

«Ա­զա­տու­թիւն»ը ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին մէջ ար­մա­տա­ցած կա­րո­ղու­թիւնն է գոր­ծե­լու կամ չգոր­ծե­լու, ը­նե­լու այս կամ այն, ինք­նա­կամ վճռե­լու կա­տա­րե­լիք գոր­ծեր։ Ինք­նա­կա­մու­թեամբ իւ­րա­քան­չիւր ոք տէ՛ր է իր ան­ձին։ Այս ի­մաս­տով, մարդ էա­կին մէջ ա­զա­տու­թիւ­նը զօ­րու­թի՛ւն մըն է ա­ճու­մի եւ հա­սու­նու­թեան՝ ճշմար­տու­թեան եւ բա­րու­թեան մէջ։ Ա­զա­տու­թիւ­նը կը հաս­նի իր կա­տա­րե­լու­թեան երբ կը կար­գա­ւո­րուի դէ­պի Աս­տուած՝ մեր ե­րա­նու­թի՛ւ­նը։

Ու­րեմն այն ի՛նչ որ նպաս­տա­ւոր է, օգ­տա­կար եւ բա­րի մար­դուն հա­մար, ա­նոր հնա­զան­դիլ, ա­նոր հպա­տա­կիլ, հա­մա­կեր­պիլ՝ ա­զա­տու­թիւն կը ստեղ­ծէ։

Այս ի­մաս­տով, օ­րի­նա­կան հնա­զան­դու­թիւ­նը շար­ժա­ռիթն է ա­զա­տու­թեան, ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կամ­քին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լու՝ գոր­ծադ­րե­լու։ Ու­րեմն հնա­զան­դու­թիւ­նը չի հա­կա­սեր ա­զա­տու­թեան գա­ղա­փա­րին, այլ կ՚օգ­նէ ա­նոր։

Այն­քան ա­տեն որ ա­զա­տու­թիւ­նը հաս­տա­տուած չէ վերջ­նա­կա­նա­պէս իր վերջ­նա­կան բա­րի­քին մէջ, որ Աս­տուա՛ծ է, այ­սինքն ի­մա­ցա­կա­նու­թիւն ե՛ւ կամք, ան իր մէջ կը կրէ կա­րե­լիու­թիւ­նը՝ ընտ­րե­լու բա­րիին եւ չա­րին մի­ջեւ, հե­տե­ւա­բար կա­րե­լիու­թիւ­նը ա­ճե­լու կա­տա­րե­լու­թեան մէջ եւ կամ սայ­թա­քե­լու, սխա­լե­լո՛ւ։ Այս կը նշա­նա­կէ, թէ ա­զա­տու­թիւ­նը շի­տա­կը ընտ­րե­լու, ու­ղի­ղը տես­նե­լու եւ ճիշդ դա­տե­լու հարց մըն է։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ե­թէ հնա­զան­դած է մարդ այն օ­րի­նա­կան, բա­րի եւ ճշմա­րիտ «հրա­ման»նե­րուն, ա­պա ա­նի­կա՝ «ա­զա՛տ» է իր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով եւ բո­վան­դակ ա­ռու­մով։ Ա­զա­տու­թիւ­նը կը բնո­րո­շէ յատ­կա­պէ՛ս մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը՝ գոր­ծե­րը։ Ան կը դառ­նայ աղ­բիւ­րը ար­ժա­նի­քի կամ ա­նար­ժա­նու­թեան՝ ըստ կա­տա­րուած ու­ղիղ կամ սխալ ընտ­րու­թեան։

Բա­րի­քը կ՚ա­ճեց­նէ ա­զա­տու­թիւ­նը։ Մարդ որ­քան ա­ւե­լի բա­րիք կ՚ը­նէ, ա՛յն­քան ա­ւե­լի՛ ա­զատ կ՚ըլ­լայ։ Ուս­տի, չկա՛յ ճշմա­րիտ ա­զա­տու­թիւն ե­թէ ո՛չ ի սպաս բա­րիին եւ ար­դա­րին։

Անհ­նա­զան­դու­թիւն եւ չա­րիք նա­խընտ­րե­լը ա­զա­տու­թեան զեղ­ծումն է եւ կը տա­նի բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­կան ստրկու­թեան։ Ա­զա­տու­թիւ­նը մար­դը կը դարձ­նէ պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ իր ա­րարք­նե­րուն՝ այն չա­փով որ ա­նոնք կա­մո­վին են՝ ա­զատ կամ­քի ար­դի՛ւնք։ Ա­ռա­քի­նու­թեան եւ ազ­նուու­թեան մէջ յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը՝ բա­րիին եւ ճշմա­րի­տին եւ ճգնա­կե­ցու­թեան ճա­նա­չու­մը կ՚ա­ճեց­նեն կամ­քին տի­րա­պե­տու­թիւ­նը ինքն իր ա­րարք­նե­րուն, գոր­ծե­րուն վրայ։

Իւ­րա­քան­չիւր ա­րարք, որ կա­տա­րուած է ա­զատ կամ­քով, վե­րագ­րե­լի է զայն կա­տա­րո­ղին։

Մար­դու մը ա­րար­քը կրնայ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն «կա­մա­ւոր» ըլ­լալ, երբ հե­տե­ւանքն է ան­տար­բե­րու­թեան, ան­հո­գու­թեան եւ անհ­նա­զան­դու­թեան բա­նի մը կամ մէ­կու մը հան­դէպ, զոր ան պար­տա­ւո՛ր էր ճանչ­նալ կամ ը­նել, զոր օ­րի­նակ՝ ար­կա­ծի մը պա­րա­գա­յին, զոր կը գոր­ծեն ճամ­բուն օ­րի­նա­գիր­քը չգիտ­նա­լուն, տուեալ հրա­ման­նե­րուն անհ­նա­զանդ գտնե­լուն պատ­ճա­ռով։

Կրնայ հե­տե­ւանք մը չու­զուիլ, բայց «թոյլ տրուիլ» զայն գոր­ծո­ղին կող­մէ։ Գէշ հե­տե­ւան­քը վե­րագ­րե­լի չէ՛ մէ­կուն, ե­թէ այն  չէ ու­զած ո՛չ իբր նպա­տակ եւ ո՛չ ալ գոր­ծի մի­ջոց, եւ չէ շար­ժած «ա­զատ կամք»ով՝ ա­զա­տու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով։

Ու­րեմն, մար­դը օժ­տուած է ա­զա­տու­թեամբ եւ զօ­րու­թեամբ իր հո­գիին եւ հո­գե­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով ճո­խա­ցած իր ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ կա՛մ­քին, ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ դիրք մը ու­նի ամ­բողջ ա­րա­րած­նե­րուն մէջ։

Ար­դա­րեւ, մար­դուն ա­ռա­ջին անհ­նա­զան­դու­թեան, ե­թէ ո՛չ միակ, բայց ա­ռա­ջին հե­տե­ւան­քը ե­ղած է կորսնց­նել իր ա­զա­տու­թիւ­նը։ Ա­դամ եւ Ե­ւա ի­րենց անհ­նա­զան­դու­թեան պատ­ճա­ռով ան­մի­ջա­պէս կը կորսնց­նեն սկզբնա­կան սրբու­թեան շնորհ­քը։ Ա­զա­տու­թիւ­նը եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը՝ ո­րուն մէջ կ՚ապ­րէին եւ որ գո­յա­ցած էր շնոր­հիւ «սկզբնա­կան ար­դա­րու­թեան», անհ­նա­զան­դու­թեան պատ­ճա­ռով ա­հա կը կոր­ծա­նի. հո­գիին հո­գե­ւոր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մարմ­նին վրայ տի­րու­թիւ­նը կը խոր­տա­կուի։ Եւ մար­դուն անհ­նա­զան­դու­թեան պատ­ճա­ռով ա­րար­չու­թիւ­նը կ՚են­թար­կուի ա­պա­կա­նու­թեան։ Ի վեր­ջոյ, անհ­նա­զան­դու­թեան պա­րա­գա­յին մար­դուն բա­ցա­յայ­տօ­րէն զգու­շա­ցուած հե­տե­ւան­քը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ։ Մար­դը կը դառ­նայ հո՛ղ, որ­մէ կազ­մուած էր։

Եւ մա­հը մո՛ւտք կը գոր­ծէ մար­դուն պատ­մու­թեան մէջ։ Իսկ ա­սի­կա կը նշա­նա­կէ կորսնց­նել ա­զա­տու­թիւ­նը՝ կեան­քը լման ապ­րե­լու, վա­յե­լե­լո՛ւ։

Մար­դը կրնայ ապ­րիլ միա՛յն Աս­տու­ծոյ նկատ­մամբ «ա­զատ հնա­զան­դու­թեան» ձե­ւին տակ։

Ա­սոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է «բա­րիին եւ չա­րին գի­տու­թեան ծառ»էն ճա­շա­կե­լու մար­դուն վրայ դրուած ար­գել­քը. «բա­րիին եւ չա­րին գի­տու­թեան ծա­ռը» խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն կը յի­շեց­նէ ա­նան­ցա­նե­լի սահ­մա­նը՝ զոր մար­դը իբր ա­րա­րած պար­տի ա­զա­տօ­րէն ըն­դու­նիլ եւ վստա­հու­թեամբ յար­գել։

Մար­դը կա­խում ու­նի Ա­րա­րի­չէն, ան են­թա­կայ է ա­րար­չու­թեան աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր օ­րէնք­նե­րուն եւ բա­րո­յա­կան կա­նոն­նե­րուն՝ ո­րոնք կը կա­նո­նա­ւո­րեն ա­զա­տու­թեան գոր­ծա­ծու­թիւ­նը։

Մա՛ր­դը, փոր­ձուե­լով սա­տա­նա­յէն, ձգեց որ իր սրտին մէջ մեռ­նի, ոչն­չա­նայ իր Ա­րար­չին հան­դէպ վստա­հու­թիւ­նը եւ իր ա­զա­տու­թիւ­նը չա­րա­շա­հե­լով՝ անհ­նա­զանդ ե­ղաւ Աս­տու­ծոյ պա­տուի­րա­նին։ Այ­նու­հե­տեւ ա­մէն մեղք ե­ղաւ Աս­տու­ծոյ դէմ անհ­նա­զան­դու­թի՛ւն մը եւ Ա­նոր բա­րու­թեան հան­դէպ վստա­հու­թեան թե­րա­ցում մը՝ որ կ՚են­թադ­րէ ա­զա­տու­թեան կո­րո՛ւս­տը։

Ա­հա­ւա­սիկ, ա­զա­տու­թեան եւ անհ­նա­զան­դու­թեան ներ­քին կա­պը եւ փո­խա­դարձ ազ­դե­ցու­թիւ­նը։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ կ՚ը­սուի, թէ՝ հոն ո՛ւր անհ­նա­զան­դու­թիւն գո­յու­թիւն ու­նի, հոն կը պակ­սի, կը կոր­սուի ա­զա­տու­թիւ­նը՝ որ մար­դուս տրուած ա­մե­նէն կա­րե­ւոր շնորհ­նե­րէն մի՛ն է եւ կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 3, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2016