ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՈՐՈՆՈՒՄ
Լոնտոնի մէջ վերջին երեք օրերուն տեղի ունեցաւ «WTM 2016» զբօսաշրջութեան մեծ ցուցահանդէսը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստան՝ երկրի ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու նպատակով։ Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամին աջակցութեամբ՝ զբօսաշրջական երեք ընկերութիւններ Լոնտոնի մէջ հանդէս եկան միասնական տաղաւարի մը մէջ, ուր ծանօթացուցին իրենց կողմէ մատուցուած ծառայութիւնները։ WTM-ը աշխարհի վրայ իր մեծութեամբ երկրորդ ցուցահանդէսն է։ Հայաստանի տաղաւարի այցելուները ծանօթացան՝ էքոթուրիզմի եւ արկածային զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւններուն։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան քրիստոնէական սրբավայրերը, որոնք ուխտագնացութիւններու համար անգնահատելի ուղղութեան մը կը վերածեն Հայաստանը։ Հայկական զբօսաշրջային ընկերութեան ներկայացուցիչները Լոնտոնի մէջ հանդիպեցան իրենց գործընկերներուն հետ եւ նոր կապեր հաստատելու հնարաւորութիւններուն շուրջ աշխատանքներ տարին։
«Միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսներու մասնակցութեամբ մենք կ՚ապահովենք Հայաստանի եւ հայկական զբօսաշրջային արդիւնքի ներկայացումն ու մեր երկրի ճանաչելիութեան բարձրացումը համաշխարհային շուկայի մէջ։ Լոնտոնեան ցուցահանդէսը, յատկապէս, թոյլ կու տայ ոչ միայն եւրոպացի, այլեւ աշխարհի աւելի քան 180 երկիրներու զբօսաշրջային կազմակերպութիւններուն, գործակալութիւններուն եւ այցելուներուն ներկայացնել դէպի Հայաստան եւ Արցախ գրաւիչ ուղղութիւնները», նշեց Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Կարէն Մկրտիչեան։
Այս տարի 37-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ Լոնտոնի այս ցուցահանդէսը։ Աւելի քան 5 հազար ընկերութիւններ եւ այլ 50 հազար մասնակիցներ ներկայ էին շուրջ 180 երկիրներէ։
Հարկ է նշել, որ շուրջ ամիս մը առաջ Հայաստան մասնակցած էր նաեւ Փարիզի մէջ կազմակերպուած «IFTM Top Resa-2016» տարեկան միջազգային ցուցահանդէսին։ Արդիւնքին Հայաստանի Զարգացման հիմնադրամը համաձայնութեան հասած էր 2017 թուականի Յունիսին երկրէն ներս հիւրընկալելու համար 160 զբօսաշրջական գործակալներ։ Այս վերջինները Հայաստան պիտի այցելեն իրենք իսկ հոգալով իրենց ծախսերը՝ ծանօթանալու համար զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն եւ Հայաստանն ալ ընդգրկելու համար իրենց տեղեկատուական նիւթերուն մէջ։