ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԿՈՂՄԷ ՄՐՑԱՆԱԿ
Տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտէն ներս համաշխարհային ներդրման համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ հաստատուած մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ «Օփըն-Ռութ» կազմակերպութեան ընդհանուր տնօրէն Լուի Փուզէնին։ Երէկ, Երեւանի մէջ, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութիւնով մը շնորհուեցաւ այս տարուան մրցանակը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ պարգեւատրեց Լուի Փուզէնը, որ կը համարուի համացանցի նախահայրերէն մին։ Ֆրանսացի գիտնական ու գիւտարար Լուի Փուզէն արարողութեան մասնակցեցաւ իր կողակցին՝ Շանթալ Լեպրիւմանի հետ։
Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ մեծարեալին ի պատիւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Մինչ այդ, Նախագահ Սարգսեան առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցաւ ֆրանսացի գիտնականին հետ, որ այս պարգեւը նուաճած եօթներորդ անձնաւորութիւնը հանդիսացաւ։