ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ մեկ­նե­ցաւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, բարձր մա­կար­դա­կի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ պի­տի ստո­րագ­րուին շարք մը փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնց նպա­տակն է երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել ամ­րապն­դումն ու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցու­մը։

Այ­ցե­լու­թեան շրջագծով Նալ­պան­տեան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը պի­տի ու­նե­նայ Ա­պու Տա­պիի Է­մի­րու­թեան թա­գա­ժա­ռանգ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պին Զա­յիտ Էլ Նա­հեա­նի հետ։ Սերժ Սարգ­սեան պի­տի տե­սակ­ցի նաեւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու փոխ-նա­խա­գա­հին, վար­չա­պե­տին, Տու­պա­յիի կա­ռա­վա­րիչ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պին Ռա­շիտ Էլ Մաք­թու­մի, Շար­ժա­յի կա­ռա­վա­րիչ Շէյխ Տքթ. Սուլ­թան Էլ Քա­սը­միի, Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Փոխ-վար­չա­պետ, նա­-խա­գա­հա­կան հար­ցե­րու գծով նա­խա­րար Շէյխ Ման­սուր Պին Զա­յիտ Էլ Նա­հեա­նի հետ։

Սերժ Սարգ­սեան Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րուն մէջ պի­տի այ­ցե­լէ նաեւ Ա­պու Տա­պիի Սրբոց Նա­հա­տա­կաց հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին եւ Շէյխ Զա­յիտ մեծ մզկի­թը։ Եկեղեցւոյ մէջ ան պիտի տեսակցի տեղւոյն հայու­թեան ներկայացուցիչնե­րուն հետ։ Իր շփում­նե­րուն շրջագծով Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մըն ալ պի­տի ու­նե­նայ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու ներդ­րու­մա­յին եւ զար­գաց­ման է­մի­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016