ԹՐԱՄՓ ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ

Տա­նըլտ Թրամփ ընտ­րուե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ։ Ե­րէկ ԱՄՆ-ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն, ո­րու հիմ­նա­կան դէմ­քերն էին Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Տա­նըլտ Թրամփ եւ Դե­մոկ­րա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Հի­լը­րի Քլին­թըն։ Շուրջ 230 մի­լիոն ար­ձա­նագ­րեալ ընտ­րող­նե­րէն 100 մի­լիո­նը փու­թաց քուէա­տու­փի մօտ։ Ա­ւե­լի քան 40 մի­լիոն ընտ­րող ալ մաս­նակ­ցած էր վա­ղա­հաս ընտ­րու­թեան։ ԱՄՆ-ի 240 տա­րուան պատ­մու­թեան մէջ 45-րդ նա­խա­գա­հի ընտ­րու­թեան սե­մին ապ­րուե­ցաւ բուռն ընտ­րա­պայ­քար մը։

Այ­սօ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին ար­դէն յայտ­նի դար­ձաւ, որ ընտ­րա­պայ­քա­րէն յաղ­թա­կան դուրս ե­կած է գոր­ծա­րար 70-ա­մեայ Տա­նըլտ Թրամփ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րես­կիզ­բին պի­տի կո­չուի պաշ­տօ­նի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016