ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐ «ԷՐԱՍՄՈՒՍ» ԾՐԱԳՐԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ

Հուն­գա­րիոյ Տեպ­րէ­ճէն քա­ղա­քին մէջ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ վեր­ջերս հեր­թա­կան ան­գամ մաս­նակ­ցե­ցան «Է­րաս­մուս» ծրագ­րին շրջագ­ծով աշ­խա­տան­քի մը։ «Եւ­րո­պա­կան աշ­խա­տան­քա­յին շու­կայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մար» խո­րագ­րեալ նա­խագ­ծին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին Նա­յի­րի Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Սե­ւակ Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան, Սե­լին Պա­պա­սըզ եւ Թա­լիա Կե­ւիք։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն ըն­կե­րա­ցան ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ե­ւա Պիւ­յիւք­սիմ­քէ­շեան եւ Ա­լիս Տա­տը­րօղ­լու։

Եւ­րո­պա­յի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէն փու­թա­ցած ե­րի­տա­սարդ­ներ այս հա­ւա­քին շրջագ­ծով հե­տաքրք­րա­կան աշ­խա­տանք տա­րին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ի­րենց փոր­ձա­ռու­թիւն­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը փո­խա­նա­կե­լու զու­գա­հեռ ձեռք բե­րին նոր բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ։ Աշ­խա­տան­քա­յին փու­լե­րու կող­քին ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ հե­տաքրք­րա­կան էին նաեւ կազ­մա­կեր­պուած ըն­կե­րա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը։

Է­սաեան­ցի­նե­րը ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան օր մըն ալ ան­ցը­նե­լու մայ­րա­քա­ղաք Պու­տա­փեշ­տի մէջ, ուր կա­րե­լի չա­փով ծա­նօ­թա­ցան պատ­մամ­շա­կու­թա­յին տե­սար­ժան վայ­րե­րու։

Ա­նոնք այս նա­խագ­ծի յա­ջորդ փու­լին նման հա­ւա­քի մը պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2016