ԱԿԱՆԱՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ
Երեւանի մէջ Կոմիտասի թանգարան-կաճառէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական դասախօսութիւն մը, որու նիւթն էր՝ «Կուտինայէն Երուսաղէմ՝ հմայիչ կապոյտ սալիկներու ճամբորդութեան հետքերով»։ Դասախօսութիւնը ձօնուած էր Երուսաղէմի հայկական յախճապակիի արուեստին։ Երուսաղէմէն արուեստաբան Նիրիթ Շալեւ-Խալիֆա, որ Երեւան այցելեց, բացատրեց՝ թէ 1915-էն վերջ Երուսաղէմ մեկնած հայ գաղթականները իրենց հետ տարած էին յախճապակի ստեղծելու արուեստը։ «Երուսաղէմ երեք կրօններու սուրբ քաղաքն է. յախճապակիի արուեստը դարձաւ ժամանակակից Երուսաղէմին խիստ բնորոշ երեւոյթ մը», ըսաւ արուեստաբանը։
Յախճապակիի արհեստով զբաղող յայտնի Պալեան ընտանիքի անդամներէն Նշան Պալեանն ալ մասնակցեցաւ այս հաւաքոյթին ու շեշտեց, որ մեծ ճանաչման արժանացած հայկական յախճապակին կը տարբերուի իր պատկերներով։ «Երուսաղէմի հայերը կը պատկերեն եղնիկներ եւ այլ կենդանիներ, որոնք շարժի մէջ կը գտնուին, իսկ մահմետականները ըստ էութեան կը ներկայացնեն սիմեթրիք աշխատանքներ», ըսաւ Պալեան, որ կ՚ապրի Երուսաղէմի մէջ ու կը շարունակէ ընտանեկան աւանդութիւնները։
Պալեաններու գերդաստանէն յատկապէս յայտնի է Մարի Պալեան, որու գործերը ցուցադրուած են ամբողջ աշխարհի մէջ։ Իր որդին՝ Նշան Պալեան յոյս յայտնեց, որ օր մը իր մօր աշխատանքները կը ներկայացուին նաեւ Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ։
Երուսաղէմի հայկական յախճապակին եղած է քաղաքի առաւել ականաւոր խորհրդանշաններէն մին։ Այդ մէկը գեղագիտական տեսանկիւնէ բարձր գնահատանքի արժանացած է քաղաքի բնակչութեան լայն շերտերուն կողմէ, ներառեալ քրիստոնեաները, մահմետականներն ու հրեաները։
Նիրիթ Շալեւ-Խալիֆա նոյն հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուց Կուտինայէն Երուսաղէմ հայկական յախճապակիի արուեստի փոխադրութեան պատմական հանգամանքները, գեղարուեստական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ այն անծանօթ աշխատանքները, որոնք կը գտնուին Երուսաղէմի եւ Անգլիոյ մէջ։
Դասախօսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ Մարի Պալեանի «Դրախտի հայեացք» լայնածաւալ աշխատանքին վերաբերեալ վաւերագրական ժապաւէնը, որու բեմադրիչն է Եաէլ Քացիլի։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սոյն դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ ԻՔՈՄ-Հայաստանի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Փառէն Եպսկ. Աւետիքեան։
Ընկերամշակութային
- 11/29/2024