ԶՈՒԻՑԵՐԻԱՅԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐ
Կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Զուիցերիոյ մէջ։ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճը եւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Անաստասիատիս աշխատանք կը տանին հիմնախնդրին լուծում մը գտնելու առաջադրութեամբ։
Մուսթաֆա Աքընճըի բանբերը՝ Պարըշ Պուրճու տեղեկացուց, թէ ցարդ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջխաղացում արձանագրուած է՝ սեփականութեան իրաւունքի, ղեկավարման դրութեան եւ ուժերու բաշխման, տնտեսութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան վերաբերեալ գլուխներուն ուղղութեամբ։ Ղեկավարները երկու օրուան ընթացքին բանակցութիւններու չորս գլուխներու պարագային յաջողած են ամփոփել բոլոր նիւթերը եւ արձանագրել՝ նկատելի յառաջխաղացում։
NTV-ի հաղորդումներով, բանբերը ընդգծեց նաեւ, թէ երկու ղեկավարները արդէն սկսած են բանակցիլ հողային չափանիշներու շուրջ։ Պարըշ Պուրճու ընձեռուած նպաստաւոր աշխատանքային մթնոլորտին համար շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալ Զուցերիոյ կառավարութեան եւ ՄԱԿ-ին։