ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՔՍԱՆ ՆՈՐ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ապու Տապիի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ՝ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ձեռնարկած պաշտօնական այցելութեան շրջագծով։ Ան տեսակցեցաւ Ապու Տապիի Էմիրութեան թագաժառանգ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմէտ Պին Զայիտ Էլ Նահեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Ընդլայնուած կազմով պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ երկու ղեկավարները գլխաւորեցին բանակցութիւնները։ Էլ Նահեան պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ Սերժ Սարգսեանի։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սերժ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց կողմերու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման առընչութեամբ։ Բացի երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերէն, անդրադարձ կատար-ւեցաւ միջազգային արդի խնդիրներուն, Մերձաւոր Արեւելքի ճգնաժամին, այդ տարածքաշրջանի առկայ իրադարձութիւններուն, Հարաւային Կովկասի տարածքաշրջանայի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։
Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ ստորագրուեցան շուրջ երկու տասնեակ համաձայնութիւններ, որոնք կը նախատեսեն խթանել երկկողմանի համագործակցութիւնը։ Կը հաղորդուի, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գործարար շրջանակներն ալ ներկայիս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ուղղութեամբ։
Միւս կողմէ, Ապու Տապիի մէջ Սերժ Սարգսեան այցելեց նաեւ Մեծ մզկիթ, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, ուր տեսակցեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։