ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՏՈՒՊԱՅԻԻ ԵՒ ՇԱՐԺԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ շա­րու­նա­կեց իր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը դէ­պի Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ։ Ա­պու Տա­պիի շփում­նե­րէն վերջ ան ե­րէկ ու­ղե­ւո­րու­թեան ծրա­գի­րը շա­րու­նա­կեց Տու­պա­յիի մէջ։ Սերժ Սարգ­սեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ, Վար­չա­պետ ու Տու­պա­յիի կա­ռա­վա­րիչ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պին Ռա­շիտ Էլ Մաք­թու­մի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Սարգ­սեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Շար­ժա­յի կա­ռա­վա­րիչ Շէյխ Տքթ. Սուլ­թան Պին Մու­համ­մէտ Էլ Քա­սը­միի հետ։ Այս եր­կու հան­դի­պում­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ քննար­կուե­ցան երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ Շար­ժա­յի կա­ռա­վա­րի­չը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ան­մի­ջա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց տուած էր Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րի հիմ­նո­վին վե­րա­նո­րոգ­ման ու յա­րա­կից վա­նա­տան կա­ռուց­ման հա­մար։ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ Շար­ժա­յի կա­ռա­վա­րի­չին տա­րի­ներ ա­ռաջ Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լի հետք մը թո­ղած էր երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ, իսկ վե­րո­յի­շեալ օ­րի­նա­կե­լի ու աս­տուա­ծա­հա­ճոյ քայ­լը միջկ­րօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թեան եւ հան­դուր­ժո­ղու­թեան լա­ւա­գոյն դրսե­ւո­րում­նե­րէն մին կը հա­մա­րուի։

Տու­պա­յիի մէջ կա­ռա­վա­րիչ Շէյխ Մու­համ­մէտ Պին Ռա­շիտ Էլ Մաք­թում պաշ­տօ­նա­կան սե­ղան մը սար­քե­լով պա­տուեց Սերժ Սարգ­սեա­նը։ Ա­նոնց ներ­կա­յու­թեամբ ստո­րագ­րուե­ցան շարք մը հա­մա­ձայ­նագ­րեր, ո­րոնք կը նա­խա­տե­սեն շարք մը ո­լորտ­նե­րէ ներս երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րա­ցումն ու ամ­րապն­դու­մը։ Այդ փաս­տա­թուղ­թե­րուն շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած է եր­կու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ անվ­տան­գու­թեան բնա­գա­ւա­ռէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քար։ 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 11, 2016