ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՒԱՔ

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ 2016 թուա­կա­նի վեր­ջին հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ։ Ըստ Պըր­պեն­քի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի մամ­լոյ դի­ւա­նին կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­ղոր­դագ­րու­թեան, Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեա­նի, Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հո­գե­ւո­րա­կա­նաց այս տա­րուան վեր­ջին հա­մա­գու­մա­րը, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Ար­մէն Համ­բար» դահ­լի­ճին մէջ, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հո­գե­ւո­րա­կան­ներ:

Բա­նա­ւոր պատ­ճառ­նե­րով հա­մա­գու­մա­րէն կը բա­ցա­կա­յէին Տ. Շնորհք Ա. Քհնյ. Տե­միր­ճեան, Տ. Զա­քա­րիա Քհնյ. Սա­րի­բէ­կեան, Տ. Մամբ­րէ Ա­. Քհնյ. Քե­սա­պեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Ա­ռա­քե­լեան, Տ. Վար­դան Ա. Քհնյ. Գաս­պա­րեան, Տ. Դա­ւիթ Քհնյ. Զել­վէեան, Տ. Զե­նոբ Ա­. Քհնյ. Նալ­պան­տեան, Տ. Ստե­փա­նոս Քհնյ. Տին­կի­լեան, Տ. Տա­թեւ Ա. Քհնյ. Թա­թու­լեան: Իսկ ա­ռող­ջա­կան պատ­ճառ­նե­րով կը բա­ցա­կա­յէին Տ. Նշան Ա­. Քհնյ. Պէյ­լէ­րեան, Տ. Զա­ւէն Ա. Քհնյ. Տե­միր­ճեան, Տ. Ստե­փան Ա­. Քհնյ. Տէր-Գէոր­գեան, Տ. Սու­րէն Ա. Քհնյ. Ծա­տու­րեան եւ Տ. Ղու­կաս Քհնյ. Յա­կո­բեան:

Նախ­քան հա­մա­գու­մա­րին սկսի­լը, Սրբա­զան Հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ կա­տա­րուե­ցաւ ժա­մեր­գու­թիւն։ Ա­պա Սրբա­զան Հօր հրա­ւէ­րով օ­րուան Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեց­ման մա­սին խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ կա­տա­րեց Տ. Ա­ւե­տիս Քհնյ. Ա­բո­վեան եւ կոչ ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն քա­ջու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու ի­րենց հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ քա­րո­զե­լու Ա­ւե­տա­րա­նին լոյս պատ­գամ­նե­րը: Տէր Հայ­րը շուրջ եր­կու ա­միս ա­ռաջ ար­կա­ծի մը հե­տե­ւան­քով ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րած էր ոտ­քը, իբր այդ ալ Սրբա­զան Հայ­րը շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում մաղ­թեց ի­րեն, որ­պէս­զի վե­րա­դառ­նայ իր հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան: Իր հեր­թին, Տէր Հայ­րը իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նենց բո­լոր հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն՝ ի­րենց լուրջ հե­տաքրք­րու­թեան եւ մա­տու­ցած ա­ղօթք­նե­րուն հա­մար:

Սրբա­զան Հայ­րը հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն ներ-­­կա­յա­ցուց Տ. Ե­րե­միա Ա­բե­ղայ Աբ­գա­րեա­նը, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ եւ իր հրա­ւէ­րով մի քա­նի ա­միս ա­ռաջ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն ժա­մա­նած էր Ա­րեւմ­տեան Թեմ՝ ու­սա­նե­լու եւ ա­պա հո­վուա­կան պաշ­տօն ստանձ­նե­լու հա­մար թե­մէն ներս:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը իր զե­կոյ­ցին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ ա­ռա­ջին ան­գամ Ար­ցախ կա­տա­րած իր ուխ­տագ­նա­ցու­թեան, սահ­ման­նե­րը պաշտ­պա­նող զի­նուոր­նե­րուն եւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ժո­ղո­վին, որ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով գու­մա­րուե­ցաւ Ար­ցա­խի մէջ:

Առ ի գի­տու­թիւն, այ­սօր Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը օ­ծու­մը պի­տի կա­տա­րէ Նիւ Եոր­քի Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի մէջ գտնուող Ս. Յա­կոբ մատ­րան, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցի նաեւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը եւ Տ. Սար­գիս Ա­. Քհնյ. Փե­թո­յեան:

Յա­ռա­ջի­կայ տա­րի պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի տօ­նախմ­բուի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի հաս­տատ­ման 90-րդ տա­րե­դար­ձը, որ հո­գե­պէս պի­տի զօ­րաց­նէ բո­լո­րը՝ նոր ո­գե­ւո­րու­թեամբ ծա­ռա­յե­լու Աս­տու­ծոյ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:

Ա­րեւմ­տեան Թե­մի պաշ­տօ­նա­կան հաս­տատ­ման 90-ա­մեա­կի մա­սին ընդ­հա­նուր տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Տի­րան Ա­ւա­գեան, որ ներ­կա­յա­ցուց 2017 թուա­կա­նին հա­մար ծրագ­րուած ձեռ­նարկ­նե­րուն ընդ­հա­նուր ցու­ցա­կը՝ շեշ­տը դնե­լով հո­գե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան վրայ: Չո­րեք­շաբ­թի, Մա­յի­սի 3-ին, պի­տի գու­մա­րուի Հո­գե­ւո­րա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րը, 4-ին՝ Տիկ­նանց միու­թեան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, 5-ին՝ Թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան 90-րդ ժո­ղո­վը եւ ե­րե­կո­յեան տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մշա­կու­թա­յին փա­ռա­տօն եւ պի­տի կա­տա­րուի թե­մի 90-ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին վա­ւե­րագ­րա­կան ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թիւն: Իսկ Շա­բաթ, Մա­յի­սի 6-ին՝ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ եւ ինն­սուն զոյ­գե­րու գնա­հա­տում: Ծրա­գի­րը պի­տի շա­րու­նա­կուի տար­բեր ձե­ւե­րով:

Թե­մի 90-ա­մեա­կի բա­րե­բաս­տիկ այս ա­ռի­թով յա­ռա­ջի­կայ տա­րի Հոկ­տեմ­բեր ամ­սուան մէջ թեմ պի­տի այ­ցե­լէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը:

ՕՐԱԿԱՐԳ

ա- «Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճար» կամ «Ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն դէ­պի 1915-ի Սուրբ Նա­հա­տակ­նե­րու մա­սունք­նե­րու­ն» (ծրագ­րի եւ գրքոյ­կի ներ­կա­յա­ցում (Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան):

բ- Ա­րեւմ­տեան Թե­մի պաշ­տօ­նա­կան հաս­տատ­ման 90-ա­մեակ (Տի­րան Ա­ւա­գեան):

գ- «Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը դէ­պի ե­կե­ղե­ցի» (Տ. Մես­րոպ Քհնյ. Աշ եւ Տ. Վազ­գէն Քհնյ. Մով­սէ­սեան):

դ- Խորհր­դա­ժո­ղով. նիւթ՝ «Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը» (Տ. Տա­ճատ Ծ. Վրդ. Եար­տը­մեան):

ե- «Աս­տուա­ծա­շուն­չի հրա­տա­րա­կու­թեան 350-ա­մեա­կ» (Մաշ­տոց Չօ­պա­նեան):

զ- Տա­րե­կան 20 կի­րա­կի­ներ նուի­րել յա­տուկ նիւ­թե­րու. «Ըն­տա­նիք­նե­րու օր, Ծնող­նե­րու օր, Տա­րեց­նե­րու օր, Զա­ւակ­նե­րու օր, Կնքա­հայ­րե­րու օր, Բա­րիք­նե­րու օ­ր» (Մաշ­տոց Չօ­պա­նեան):

է- «Նո­րո­գու­թիւն Քրիս­տո­սի գե­րեզ­մա­նին՝ Ե­րու­սա­ղէ­մ» (Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան):

ը- «Սու­րիա­հա­յու­թիւ­ն» (Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեան):

թ- Տ. Մու­շեղ Ա­. Քհնյ. Թաշ­ճեան, որ Սեպ­տեմ­բե­րի 19-29-ին քա­ռա­սուն հո­գի­նե­րէ բաղ-­կա­ցած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մը գլխա­ւո­րած էր դէ­պի Սուրբ Եր­կիր, ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն:

Իր փակ­ման խօս­քին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը յայտ­նեց, թէ Ար­ցա­խի օգ­նու­թեան հա­մար Ա­րեւմ­տեան Թե­մը 500 հա­զար տո­լա­րէն ա­ւե­լի փո­խան­ցած էր Մայր Ա­թո­ռի հա­շի­ւին մէջ եւ թէ նուի­րա­հա­ւա­քը պի­տի շա­րու­նա­կուէր: Սրբա­զան Հայ­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հո­գե­ւորա­կան­նե­րուն՝ ի­րենց ներ­կա­յու­թեան եւ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար: Օրհ­նեց զի­րենք եւ յա­րա­տեւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ի­րենց հո­գե­ւոր եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան:

ՆՇԱ­ՆԱ­ԿՈՒՄ

Հայց. Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­րեւմ­տեան Թե­մը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր, սա­կայն յատ­կա­պէս 2003 թուա­կա­նին Տ. Յով­նան Ար­ք. Տէր­տէ­րեա­նի ա­ռաջ­նորդ ընտ­րու­թե­նէն ի վեր, ա­ւե­լի սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն ստեղ­ծած է քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու հետ եւ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն:

Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը՝ Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Բագ­րատ Ծ. Վրդ. Պեր­ճէ­քեա­նը մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ժո­ղով­նե­րու եւ ձեռ­նարկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար իր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը նշա­նա­կած է: Թե­մը լիա­յոյս է, որ Հայր Սուր­բը լա­ւա­գոյնս պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ա­րեւմ­տեան Թեմն ու Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2016