ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԽՈՒՄԲԵՐ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէ վե­րա­դար­ձին վեր­ջին օ­րե­րուն շարք մը հիւ­րեր ըն­դու­նեց Գում­գա­բուի մէջ։

ԳԱԼ­ՖԱԵԱՆ­ՑԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԱՅ­ՑԸ

Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան՝ Նո­յեմ­բե­րի 20-ին նա­խա­տե­սուած հան­դի­սու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ։ Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ գալ­ֆաեան­ցի­նե­րը փու­թա­ցած էին Գում­գա­բու։ Խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր գոր­ծա­կից ըն­կեր­նե­րը Նո­րին Սրբազ­նու­թեան տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ հաս­տա­տու­թիւ­նը այս տա­րի կը թե­ւա­կո­խէ իր 150-ա­մեա­կը։ Պի­տի ո­գե­կո­չուին Գալ­ֆաեան Ուխ­տի հիմ­նա­դիր Սրբու­հի Մայ­րա­պետ Գալ­ֆաեան եւ միա­բա­նու­թեան հան­գու­ցեալ բո­լոր ան­դա­մու­հի­նե­րը։ Նոյն օ­րը Գում­գա­բուի «Պէզ­ճեան» սրա­հին մէջ պի­տի սար­քուի այս հաս­տա­տու­թեան ի նպաստ տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Խնա­մա­կալ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ գալ­ֆաեան­ցի­նե­րը կը փա­փա­քին պատ­շաճ շու­քով նշել 150-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նը։ Ա­նոնք ընդգ­ծե­ցին, որ կ՚ակն­կա­լեն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը ող­ջու­նեց Գալ­ֆաեա­նի այս յատ­կան­շա­կան յո­բե­լեա­նը եւ յա­րա­տե­ւու­թիւն մաղ­թեց հաս­տա­տու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեան հա­մար։ Ան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ իր օրհ­նու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցեց խնա­մա­կա­լու­թեան։

ՊԱ­ՔԸՐ­ԳԻՒՂ­ՑԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԱՅ­ՑԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուրդն ալ Պատ­րիար­քա­րան այ­ցե­լեց՝ Նո­յեմ­բե­րի 27-ին Տա­տեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ նա­խա­տե­սուած սի­րոյ սե­ղա­նին ըն­դա­ռաջ։ Հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը այս առ­թիւ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուին թա­ղի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եւ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը գնա­հա­տան­քով վե­րա­հա­սու դար­ձաւ ա­մե­նա­վեր­ջին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն եւ պա­քըր­գիւղ­ցի­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թան­քը։

ՍԱ­ՀԱ­ԿԵԱՆ­ՑԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԱՅ­ՑԸ

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի նա­խա­գահ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տնօ­րէն խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Գում­գա­բու։ Յա­ռա­ջի­կայ 4 Դեկ­տեմ­բե­րին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով պի­տի նշէ դպրաց դա­սու տա­րե­դար­ձը։ Նոյն առ­թիւ պի­տի յի­շա­տա­կուին դպրաց դա­սու հան­գու­ցեալ նա­խա­գահ­նե­րը, դպրա­պետ­նե­րը, ե­րաժշ­տա­պետ­նե­րը, վա­րիչ­ներն ու ան­դամ­նե­րը։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ-տըւե­ցաւ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րեց մօ­տա­լուտ տա­րե­դար­ձը եւ փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը։

Ա­ՐԱԲ­ԿԻ­ՐԻ Ե­ԿԵ­ՂԵՑ­ՒՈՅ ՄԱՆ­ՐԱ­ԿԵՐ­ՏԸ

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Օն­նիկ Նալ­պանտ­ղա­զա­րօղ­լուն, Պօ­ղոս Հե­ճի­նօղ­լուն եւ Մարգ­րիտ Աթ­մա­ճան։ Այս վեր­ջին­նե­րը սե­րած են ըն­տան­քի­նե­րէ, ո­րոնց ար­մատ­նե­րը կը հաս­նին Ա­րաբ­կիր։ Ա­նոնք յատ­կան­շա­կան ա­նակն­կա­լով մը փու­թա­ցած էին Պատ­րիար­քա­րան։ Ար­դա­րեւ, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան յանձ­նե­ցին Ա­րաբ­կի­րի եր­բեմ­նի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ման­րա­կեր­տը։ Ձե­ռա­կերտ այս աշ­խա­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի քան տա­րի մը ա­ռաջ պատ­րաս­տուած էր՝ Ա­րաբ­կի­րի քա­ղա­քա­պետ Հա­լուք Ճէօ­մեր­թօղ­լուի եւ գա­ւա­ռա­պետ Էր­ճան Թու­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Մեր ազ­գա­յին­նե­րը յար­մար նկա­տած էին այդ ման­րա­կեր­տը յանձ­նել Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին՝ որ­պէս­զի պատ­շաճ ձե­ւով ցու­ցադ­րուի Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­մա­լի­րին մէջ։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան ա­նոնք Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ բաժ­նե­ցին նաեւ Ա­րաբ­կի­րի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց անձ­նա­կան ապ­րում­ներն ու յու­շե­րը։

Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը դրուա­տեց այս ման­րա­կեր­տի պատ­րաս­տու­թեան գա­ղա­փա­րը եւ գնա­հա­տեց այ­ցե­լու­նե­րուն մօ­տե­ցու­մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 12, 2016