ԱՄՈՒՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը շաբաթավերջի գլխաւոր իրադարձութիւնն էր համայնքային կեանքէ ներս։ Թէեւ առկայ դժուարին պայմաններուն հետեւանքով խնամակալութեան կողմէ յայտարարուած պիւտճէի բացը հնարաւոր չեղաւ լրիւ ամբողջացնել, սակայն այս հաստատութիւնը հերթական անգամ ամուր աջակցութեան մը առարկայ դարձաւ։ Համայնքային շրջանակները ապացուցանեցին, որ բարձր կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս։
Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ արդէն մեծ եռուզեռ մը ապրուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան եւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։
Ի ժամ Ս. Պատարագի օրուան պատգամը տուաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Յաւարտ արարողութեան կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադիրները, տեսուչները, կրթական մշակները, սատարողներն ու սաները, որոնք անդարձ բաժնուած են։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էին բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, զանազան սերունդներէ դպրեվանքցիներ, հասարակական գործիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Թաթիա Մարաշլեանի հանդիսապետութեամբ։ Ելոյթներով հանդէս եկան Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէնուհի Ժանէթ Աւետիքօղլու, որոնք բացատրութիւններ տուին հաստատութեան ներկայ ընդհանուր վիճակին եւ ծաւալած գործունէութեան շուրջ։ Իր խօսքին մէջ Թորոս Ալճան անդրադարձաւ հաստատութեան պատկանող շարք մը կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման համար բացուած դատերուն։ Ան յիշեցուց, որ խնամակալութիւնը շահած է այդ դատերը, սակայն ներկայիս գործնական արդիւնքներու ճանապարհին կ՚ապրուին ձախորդութիւններ, որոնք թէեւ պատճառ կը դառնան յապաղումներու, սակայն կը բխին արդարադատութեան համակարգի բնոյթէն։ Ան միեւնոյն ժամանակ Ժանէթ Աւետիքօղլուն ողջունեց՝ որպէս հաստատութեան իգական սեռէ առաջին տնօրէնը։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ հանդէս եկան Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները։ Տղաքը ծափահարութիւններու արժանացան խմբերգներով՝ երաժշտութեան ուսուցչուհի Սերտա Քեպապճըի մականին ներքեւ։
Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։
Թրքահայ կեանք
- 12/23/2024
- 12/23/2024