Հայաստան՝ Եւրոպայի Լաւ Պահպանուած Գաղտնարանը

Բրի­տա­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր The Telegraph պար­բե­րա­կա­նի «ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւն» բա­ժի­նը ծա­ւա­լուն յօ­դուա­ծով մը անդ­րա­դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի բացառիկ գրաւ­չու­թիւն­նե­րուն:

«Օ­րուան կէ­սին լեռ­նա­յին փոք­րիկ գիւ­ղի մէջ կը զգա­ցուի տաս­նեակ կրա­կա­րան­նե­րէ ե­կող խո­րո­վա­ծի բոյ­րը: Տղա­մար­դիկ կը դարձ­նեն հա­ւի եւ գառ­նու­կի մի­սի շամ­փուր­նե­րը ծու­խի վրայ, մինչ­դեռ ա­նոնց որ­դի­նե­րը՝ ազ­գա­յին տա­րազ­նե­րով, կը փոր­ձեն բոր­բո­քել կրա­կը», յօ­դուա­ծի հե­ղի­նակ Ֆրենք Կարտ­նըր այս խօս­քե­րով նկա­րագ­րած է իր ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւ­նը Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցէն ետք:

Նկա­րագ­րե­լով գե­տե­րու կար­կա­չիւնն ու ա­րե­ւա­շող բնու­թեան գիր­կը զբօս­նող ե­րի­տա­սարդ զոյ­գե­րը, ինչ­պէս նաեւ գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ բա­ցուած լիա­ռատ շու­կա­նե­րը՝ հե­ղի­նա­կը անդ­րա­դար­ձած է Ա­րե­նիի մէջ Հոկ­տեմ­բե­րին ի­րա­կա­նա­ցուող գի­նիի փա­ռա­տօ­նին:

«Գի­տէք, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ վայ­րէջք կա­տա­րե­լուն պէս կը ժա­մա­նէք գի­նիի եր­կիր, ա­տոր մա­սին կը յու­շէ օ­դա­կա­յա­նի բա­կին մէջ գտնուող 6 մեթր­նոց փչո­վի գի­նիի շի­շը: Հա­յաս­տա­նի մէջ նաեւ կ՚ար­տադ­րեն աշ­խար­հի վրայ լա­ւա­գոյ­նը հա­մա­րուող քո­նեա­քը», կը գրէ բրի­տա­նա­ցին:

Ֆրենք Կարտ­նըր կ՚ընդգ­ծէ, որ մեծ Սփիւռ­քի մաս կազ­մող հա­յե­րը, ո­րոնք ա­ռա­ջին ան­գամ կ՚այ­ցե­լեն ի­րենց հայ­րե­նի­քը, հա­ճե­լիօ­րէն կը զար­մա­նան ժա­մա­նա­կա­կից, անվ­տանգ եւ քա­ղա­քա­կիրթ Ե­րե­ւա­նով: «Դուրս գա­լով մայ­րա­քա­ղա­քէն՝ կը նա­յիս հե­ռու հո­րի­զոն­նե­րուն եւ կը նկա­տես ձիւ­նա­պատ գա­գա­թով փա­ռա­հեղ Ա­րա­րատ լե­ռը՝ 5165 մեթր բարձ­րու­թեամբ, որ կը գտնուի Թուր­քիոյ մէջ՝ ճիշդ սահ­մա­նին:

Բրի­տա­նա­ցի լրագ­րո­ղը այ­ցե­լած է նաեւ Գե­ղար­դա­վանք: «Խճա­քա­րե­րով լի վե­րըն­թաց ճա­նա­պար­հը բարձ­րա­նա­լով եւ անց­նե­լով կա­մա­րա­կապ մուտ­քով՝ կը յայտ­նուիս Հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան մաս կազ­մող վա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, որ ա­նուա­նուած է Քրիս­տո­սը խո­ցած նի­զա­կին ա­նու­նով», կ՚եզ­րա­փա­կէ յօ­դուա­ծա­գի­րը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2016