ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի եւ Քիե­ւի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ շա­բա­թա­վեր­ջին ծա­ւա­լուե­ցան ի­րե­րա­յա­ջորդ քննար­կում­ներ։ Այս­պէս, Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ Ուք­րայ­նոյ Նա­խա­գահ Փեթ­րօ Փո­րո­շեն­քո­յի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցած է ուք­րա­նա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Այս առ­թիւ եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը անդ­րա­դար­ձան հայ-ուք­րա­նա­կան օ­րա­կար­գին վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն։ Ա­նոնք մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռին քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժաց­ման, տնտե­սա­կան, գի­տա­թեք­նիկ ու մար­դա­սի­րա­կան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­տեղ փոխ­շա­հա­ւէտ նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­ման վրայ։ Կող­մե­րը քըն-նար­կե­ցին նաեւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Նա­խա­գահ­նե­րը նշե­ցին նաեւ զգա­յուն հար­ցե­րու շուրջ պար­բե­րա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Նա­խա­գահ­նե­րու այս հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին զու­գա­հեռ շա­բա­թա­վեր­ջին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ուք­րայ­նոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Փաւ­լօ Քլիմ­քի­նի մի­ջեւ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը։ Ըստ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւ­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն, ի շա­րու­նա­կու­թիւն նա­խա­գահ­նե­րու զրոյ­ցին՝ Նալ­պան­տեան եւ Քլիմ­քին քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի օ­րա­կար­գի շարք մը հար­ցե­րը ու մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դար­ձան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2016