ՓԱՅԼՈՒՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ
Թաքսիմ մարզակումբի հիմնադրութեան 75-ամեայ յոբելեանը երէկ երեկոյեան նշուեցաւ փայլուն հաւաքոյթով մը, որու պատուոյ հիւրն էր Մարմնամարզի նախարար Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան, ինչպէս նաեւ համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ ծանօթ դէմքեր փութացած էին բաժնելու այս յատկանշական յոբելեանին առթած ոգեւորութիւնը։ Թաք-սիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները։ Ի յիշատակ 75-ամեակին, Թաքսիմի վարչութեան կողմէ պատրաստուած յուշապնակը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճին։
Intercontinental պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ճաշկերոյթը, որու բացման ողջոյնի խօսք մը արտասանեց ակումբի վարչայիններէն Մկրտիչ Կիւլէզեան։ Հաւաքոյթի տեւողութեան արտայայտուեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըճ, Մարգար Էսաեան, Կարօ Համամճեան, Արամ Քուրան եւ Շահնուր Գազանճը։ Իր խօսքին մէջ նախարար Քըլըճ կանգ առաւ Թուրքիոյ հասարակութեան համակեցութեան մշակոյթին վրայ։ Ան մատնանշեց, որ ինք գիտէ՝ թէ 15 Յուլիսին հայ համայնքէն հայրենակիցներ ալ փողոց դուրս եկած էին տէր կանգնելու համար մեր երկրի ժողովրդավարութեան։ Այս առթիւ նախարարը շնորհաւորեց նաեւ Թաքսիմ մարզակումբի 75-ամեակը։
Երեկոյթի տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր եւ ակումբի պատմութեան վերաբերեալ ներկայացուեցաւ պարքովիզիոնի ցուցադրութիւն մը։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Արամ Քուրանին։ Ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ հատուեցաւ 75-ամեակի կարկանդակը։
Միւս կողմէ, յոբելենական հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ՝ մանաւանդ նախարարին ներկայութեամբ հրապարակելու համար ակումբի Ֆէրիգիւղի մարզադաշտի օգտագործման իրաւունքին վերաբերեալ հարցերուն շուրջ արձանագրուած զարգացումները։ Ներկաներու ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ դիւանակալական առումով բարդ գործընթաց մը յառաջ կը տարուի եւ համբերատար ջանքերով կը փորձեն հարթել բոլոր հարցերը։ Թէեւ տակաւին վերջնական արդիւնքներ չկան եւ մարզադաշտին սեփականութեան իրաւունքը պիտի չտրուի Թաքսիմ մարզակումբին, սակայն բուն նպատակը արդէն անոր օգտագործման իրաւունքը ձեռք բերելն է։ Այս նպատակին ձգտելով՝ թաքսիմցիները կ՚աշխատին զանազան վարկածներու վրայ։ Ըստ երեւոյթին, լուծումը պիտի ըլլայ այնպէս, որ առաջին հերթին մարզադաշտի օգտագործման իրաւունքը տասն տարուայ ժամանակաշըր-ջանի մը համար պիտի վերապահուի Թաքսիմ մարզակումբին։ Լաւատես վարկածը այն է, որ այդ փուլէն վերջ եւս 49 տարուան ժամկէտով նոր կարգադրութիւն մը պիտի կատարուի։