Լրահոս

ՀԱՅ ԶՈՀ ՄԸ

Սուրիոյ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ, Հայէպ-Սելիմիէ ճանապարհին դիպուկահարի մը կրակին հետեւանքով զոհուեցաւ Երուանդ Արսլանեան։ Սուրիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեան «Արմէնփրէս»ի հետ զրուցելու ընթացքին ափսոսանք յայտնեց Հալէպի ամբողջութեամբ զինեալ խմբաւորումներու ձեռքը անցած ըլլալուն համար։

ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Վրաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը դիմագրաւէ լուրջ փոթորիկ մը։ Մօտաւոր անցեալի ընտրութիւններէն վերջ երկիրը մատնուած է ցնցումներու։ Շաբաթավերջին մայրաքաղաք Թիֆլիզի մէջ լարուածութիւնը աննախընթացօրէն մագլցեցաւ։

ՓՈԽ-ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան Մոսկուայի մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Եաղուպ Էյուպովի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) Տնտեսական խորհուրդի 104-րդ նիստի շրջանակներէն ներս։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՄԻՋՆԱԴԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՌՕՐԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի Մատենադարանէն ներս վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ միջնադարագիտութեան միջազգային գիտաժողով մը, որ տասներորդն էր իր նմաններու շարքին։ Եռօրեայ աշխատանքը տեղի ունեցաւ Մատենադարանի գիտական մասնաշէնքի «Հրաչեայ Թամրազեան» դահլիճի երդիքին տակ։

ՓԱՐԻԶԻ «ՓՈՄՓԻՏՈՒ» ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՐԱՃԱՆՈՎԻ ԵՒ ՔՈՉԱՐԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

Փարիզի «Փոմփիտու» արդի արուեստի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր հայկական մշակոյթի երկու հսկաներու համընկնած յոբելեաններուն։
Այսպէս, համաշխարհային նշանակութեամբ այս կարեւոր գեղարուեստական կառոյցի յարկէն ներս ոգեկոչման երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ Սերկէյ Փարաճանովի ծննդեան 100-ամեակին եւ Երուանդ Քոչարի ծննդեան 125-ամեակին։

ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԱՄԱՐ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍԼԱԿԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեան վերջերս այդ առաքելութիւնը ստանձնելէ վերջ իր առաջին ուղեւորութիւնը կատարեց՝ դէպի Հարաւային Ամերիկա։ Իննօրեայ այցելութիւն մըն էր այս մէկը, որու կանգառներն էին՝ Պուէնոս Այրէսը, Մոնթեվիտէոն եւ Սան Փաուլոն։

ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ՅԱՅՏՆԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐ

Քրիստոնեայ աշխարհը հետզհետէ կը համակուի Ս. Ծննդեան տօնի բարձր տրամադրութեամբ։ Եւրոպայի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ, ամէն տարի կը կազմակերպուին Ս. Ծննդեան տօնավաճառներ՝ որոնք միշտ կը համախմբեն հոծ թիւով մարդիկ։ Այդ նախաձեռնութիւնները թէ՛ պայմանաւորուած կ՚ըլլան տօնական մթնոլորտով եւ թէ, իրենց հերթին, կը պայմանաւորեն տօնական հրճուանք։

Էջեր