ԹԵՀՐԱՆ-ՄԻՆՍՔ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ
Սպիտակ Ռուսիան եւ Իրանը համաձայնեցան, որպէսզի ռազմավարական համագործակցութեան շուրջ պայմանագիր մը կնքեն։ Թեհրան-Մինսք առանցքը այս շրջանին բաւական եռուն է՝ մանաւանդ, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները միջազգային բեմահարթակի վրայ նոր հաւասարակշռութիւններու ծնունդ կրնան տալ։
Նիկոլ Փաշինեան-Մեսուտ Փեզեշքիան բանակցութիւններ. Երեւան կը վստահեցնէ, թէ թոյլ չի տար իր տարածքէն որեւէ սպառնալիք ուղղուելուն Թեհրանի դէմ:
Սպիտակ տունը շարժման անցած՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Զելենսքիի շփումը կազմակերպելու նպատակով:
Երեւանի Քրէական ատեանէն ներս դատավարութիւն՝ Բագրատ սրբազանի եւ միւսներու գործով:
Փեքին-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ այս շրջանին կը նկատուի լուրջ աշխուժութիւն՝ միջազգային թատերաբեմի ուժերու վերադասաւորման պայմաններուն ներքեւ։ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վանկ Եին երէկ հիւրընկալուեցաւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի կողմէ։
Իսրայէլ կը շարունակէ ներխուժել Սուրիոյ տարածքը, ինչ որ տարածաշրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք մը կը համարուի։
Իրանի նախագահին Հայաստան այցը. պահպանել տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը:
Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն տեղ զբաղեցնել միջազգային օրակարգի վրայ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խտացեալ ջանքեր կը գործադրէ այս ուղղութեամբ։
Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ կը շարունակուի Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի դատավարութիւնը։ Երկրի դատական իշխանութիւնները նախընթաց օր մերժած էին Նորին Սրբազնութեան կալանքը դադրեցնելու միջնորդութիւնը։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդէս եկաւ ժողովուրդին ուղղեալ ելոյթով մը։ Սպիտակ տան մէջ Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ստորագրուած համատեղ հռչակագրին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրութեան լոյսին տակ վարչապետը ըսաւ. «Օգոստոսի 8-էն յետոյ մենք կ՚ապրինք բացարձակապէս ուրիշ Հարաւային Կովկասի մը, բացարձակապէս ուրիշ Հայաստանի մը մէջ։