Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծաղկազարդի յաջորդող եօթնեակը՝ շաբթուան եօթը օրերը կը կոչուին Աւագ շաբաթ, իսկ անոր իւրաքանչիւր օրը՝ երկուշաբթիէն մինչեւ շաբաթ, կ՚անուանուին Աւագ, տեսակ մը զուգադրութեամբ սրբոց աւագ տօներուն՝ որոնք կը գրաւեն Աստուածայայտնութեան տօնը կանխող եօթնեակը, այսինքն շաբաթը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու այդտեղ տեղի ունեցած անմարդկային ու գազանային անցուդարձերը նկատի ունենալով, մարդկութեան մէջ տարածուեցաւ այն համոզումը, որ իսլամը ոճրագործ ու չարագործ է։
Երէկ, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան արարողութիւններուն հանդիսապետեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին այսօր մուտք գործեց իր ծիսական կեանքի ամենէն խորհրդաւոր շաբաթներէն մէկը, որ կը կոչուի ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ: Անունը կը յուշէ մեզի այս շաբթուան ունեցած տարբերութեան մասին տարուան միւս շաբաթներէն:
Երուսաղէմի հոգեւոր առաջնորդները խորհրդակցութիւն մը ունեցան Սուրբ Զատկի տօնին ընդառաջ:
Իսրայէլի ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացաւ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Ծաղկազարդի տօնակատարութեան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութեան եկեղեցւոյ դէմ սկսած հալածանքները ներկայիս որոշ «դադար»ի շրջան մը կ՚ապրին, որովհետեւ իշխանութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ տակաւին եկեղեցին որպէս սրբութիւն ընդունող մեծամասնութիւն մը գոյութիւն ունի եւ անոր հանդէպ բացայայտ հալածանքը կրնայ քուէներու կորուստ արձանագրել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Յարութեան տօնական շրջանի օրերուն մուտքն է «Ղազարու յարութեան յիշատակ»ը։ Փրկագործական այս հրաշալի եղելութեան անմիջապէս կը յաջորդէ «Ծաղկազարդ»ը՝ որ յիշատակութիւնն է Յիսուսի առաջին անգամ մեսիաբար Երուսաղէմ հանդիսաւոր մուտքին։
Երէկ, Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային թատերական փառատօն մը, որ անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Երեւանի մէջ, երէկ երեկոյեան, Համաշխարհային թատրոնի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ «Արտաւազդ» մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։
Երէկ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ բարձր մակարդակի վրայ։ Սուրէն Պապիկեան բանակցութիւններ վարեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Քաթրին Վոթրէնի հետ։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի գրիչն է, որ կը փառաբանէ մեր Տէրն ու Փրկիչը, ողջունելով անոր մուտքը Երուսաղէմ։ Եկեղեցին Քրիստոսի եռամեայ երկրաւոր կեանքի այս հանգրուանը «Ծաղկազարդ» կոչման առընթեր, կը յայտարարէ զայն որպէս «Տօն Գալստեանն Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ յաւանակաւ յԵրուսաղէմ»։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յովհաննէսի Աւետարանին 12-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք. «Հրեաներու մեծ բազմութիւն մը, երբ գիտցաւ թէ Յիսուս Բեթանիայի մէջ է, եկաւ՝ ո՛չ միայն Յիսուսի համար, այլ նաեւ տեսնելու համար Ղազարոսը, որուն Յիսուս մեռելներէն յարութիւն տուած էր:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հալէպը՝ բացի հայութեան համար հիմնական կեդրոններէն մին ըլլալէ, նաեւ ինքնին իւրայատուկ քաղաք մըն է եւ ինչպէս բոլոր քաղաքները, ունի իր մեծ ու փոքր մշակութային երանգաւորումներն ու ճիւղաւորումերը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատերազմի առաջին ամիսը արդէն իսկ լրացաւ. «անպարտելիութեան» բարդոյթ եւ անյաղթահարելի անորոշութիւն:
Բանակցութի՞ւն, թէ ցամաքէն յարձակում. դիւանագիտութիւնը թէեւ միշտ կ՚ընթանայ, սակայն, բախումներու սաստկացման վտանգն ալ իսկապէս շատ մեծ է:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հայ հոգեւորական, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, բանասէր, աշխարհագրագէտ, աստղաբաշխութեան վարպետ, հասարակական գիտութիւններու հմուտ տեսաբան, բազմավաստակ խմբագիր Հ. Ղուկաս Ինճիճեան ծնած է 1758 թուականի մարտի 17-ին, Պոլիս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայաստանի մէջ դարձեալ նախընտրական շրջան է եւ այդ մէկը հասկնալու համար մամուլի կարիքը չկայ, բաւարար է տեսնել քաղաքական գործիչներու «ժամանակաւոր» փոփոխութիւնը։
Երէկ, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
«ArtRedCo», որ Իսթանպուլի արդի արուեստի կարեւոր ժամադրավայրերէն մին է, այսօրերուն կը հիւրընկալէ եզակի ցուցահանդէս մը։ «The Art of Photograph: İstanbul Rooms» խորագրեալ ցուցահանդէսը այսօրերուն վերածուած է գեղարուեստական աշխարհէ ներս մեծ համախմբման մը։