Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ուշ գիշերին Ամանորի առթիւ խօսք ուղղեց իր աշխարհացրիւ հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։ Մինչ այդ, Նորին Սրբութիւնը Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ երէկ այցելեց մարտական դիրքեր՝ Հայաստանի արեւմտեան սահմանագծին վրայ։

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս,

Նոր տարուայ սեմին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը, սէրն ու բարեմաղթանքները կը բերենք ամէնքիդ։

Ցաւով ու դառնութիւններով լեցուն տարի ապրեցանք։ Արցախեան աղէտալի պատերազմի հետեւանքները, Հայաստան եւ Արցախ մեր հայրենիքի շուրջ ծաւալուող բարդ ու մտահոգիչ գործընթացները, երկրին մէջ տիրող դժուարին իրավիճակը զրկած են մեզ առօրեայ, ինչպէս եւ ամանորեայ բնական ուրախութենէն։

Այդուհանդերձ, Նոր տարին կը դիմաւորենք յոյսով ու հաւատով, թէ պիտի վերակերտենք հայրենական մեր կեանքը եւ միասնական կամքով ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք՝ յանուն Արցախի մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Մենք Քրիստոսի յարութեան հաւատացող ժողովուրդ ենք, դարերու հոլովոյթին մէջ ցաւը, տառապանքն ու մահը մեզ երբեք չեն խախտած, վեր յառնած ենք Տիրոջ պարգեւած շնորհի զօրութեամբ, վաղուայ օրուայ հանդէպ լաւատեսութեամբ։ Կը հաւատանք, թէ Աստուծոյ ողորմութեամբ եւ մեր ժողովուրդի հաստատակամ յանձնառութեամբ փրկչական 2022 թուականը կը կարողանանք դարձնել ազգօգուտ եւ հայրենաշէն իրագործումներու տարի։ Հայաստանի զօրացման, Արցախի ազատ ու ապահով կեանքի, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի վերելքի եւ յարատեւութեան ուղին մեր համախմբումն է ապագայի համընդհանուր տեսլականի շուրջ, ինչպէս եւ՝ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու վրայ խարսխուած ապրելակերպն ու գործերը։ Ամէնուր, ի սէր հայրենիքի, վերատեսութեան ենթարկենք մեր ընթացքը, թօթափենք անհանդուրժողութեան եւ ատելութեան չարիքը, հրաժարինք անպատասխանատու, ազգավնաս խօսքերէ ու արարքներէ, ըլլանք բարի, ըլլանք սիրով, ըլլանք միասնական, որպէսզի վերստին զգանք Աստուծոյ շնորհաբեր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Մեր տարածաշրջանի բարդ զարգացումներու եւ մեր երկրի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յանդիման՝ հզօր հայրենիքի կերտման ձգտումներուն մէջ չենք կրնար յաջողիլ, եթէ նախ չվերականգնենք վստահութեան մթնոլորտը, չվերահաստատենք մեր ներքին խաղաղութիւնը։ Մեր նահատակ զաւակներու սրբազան յիշատակի առջեւ խոնարհումով ու երախտագիտութեամբ եւ հայրենիքի ու ազգի հանդէպ մեր հերոսներու անձնուիրումի եւ սիրոյ օրինակով ամէն կարելին ի գործ դնենք երկրի ու պետութեան յառաջընթացի, համայն մեր ժողովուրդի բարօրութեան համար։ Ամուր ու անսասան մնանք համազգային շահով առաջնորդուելու նախանձախնդրութեան մէջ եւ Աստուած մեզի պիտի աճեցնէ արդարութեան պտուղները (հմմտ. Բ Կորնթ. 9.10)։

Տարեմուտի նուիրական այս պահուն բոլորդ կը հրաւիրենք միասնաբար աղօթելու, որպէսզի Բարձրեալ Տիրոջ օրհնութեամբ իրականութիւն դառնան մեր բարի ձգտումները անձնական, ընտանեկան, ագզային ու հայրենական կեանքէն ներս։ Աղօթենք հայոց բանակի, հայրենիքի սահմանները հսկող մեր զինուորներուն համար։ Աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց ծառայութեան մէջ կը դիմաւորեն Ամանորը։ Աղօթենք նեղեալներու, կարիքաւորներու, հիւանդներու, հաշմանդամ դարձած, գերեվարուած եւ անյայտ կորսուած մեր որդիներու եւ անոնց վշտակիր ընտանիքներուն համար։ Աղօթենք Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի դժուարութիւններու մէջ ապրող մեր զաւակներուն համար, որպէսզի Երկնաւոր Տիրոջ զօրակցութեամբ յաղթահարուին անոնց առջեւ ծառացած խնդիրները։

Հայցենք խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն Հայաստան ու Արցախ մեր հայրենիքին, աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին։ Եւ Աստուած, որ … մեզի տուաւ յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս, իբրեւ շնորհ, թող մխիթարէ եւ հաստատ պահէ մեր սրտերը ամէն բարի խօսքի եւ գործի մէջ (հմմտ. Բ Թեսաղ. 2.15-16)։ Թող Տիրոջ սէրը, ողորմութիւնն ու օրհնութիւնը միշտ ըլլան մեզի ու ամէնքին հետ։ Բարի Նոր տարի։

Շաբաթ, Յունուար 1, 2022