ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ կէսգիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն համայն հայութեան ուղղեց Ամանորի իր պատգամը։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով նոյնութեամբ կը հրատարակենք Վեհափառ Հայրապետի՝ աշխարհասփիւռ հօտին ուղղեալ Նոր տարւոյ պատգամը։
*
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,
Ամանորի խորախորհուրդ այս երեկոյ Հայրապետական մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք ամենքիդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս։
Կը դիմաւորենք փրկչական 2025 թուականը։ Մեր կեանքէն ներս առկայ չփարատուած մտահոգութիւններով ու հոգսերով հանդերձ՝ Նոր տարի մուտք կը գործենք լաւատեսութեամբ եւ բարի սպասումներով։ Ամանորի յուսառատ ապրումները ընտանեկան մեր յարկերուն, եկեղեցիներուն ու ծառայութեան վայրերուն մէջ, ամէնուր, ուր համախմբուած ենք միմեանց փոխանցելու մեր մաղթանքներն ու ջերմ զգացումները։
Ամանորը առիթ է ինքնաքննութեան, անդրադառնալու ազգային ու հայրենական մեր կեանքը յուզող խնդիրներուն։ Ամանորը հը-րաւէր է նորոգութեան. հրաւէր ապագայի շուրջ մտորումներու, կեանքը առաւել ապահով, բարօր ու շէն դարձնելու նախաձեռնութիւններու։
«Նորոգուեցէք ձեր մտքով եւ հոգիով ու հագէք նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծոյ՝ արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ» (Եփ. 4.23-24), կը պատգամէ առաքեալը։ Սուրբգրային այս յորդորին ունկլ նդիր՝ սիրոյ, բարութեան ու արդարութեան ճանապարհով ընթանալով՝ կարող կ՚ըլլանք, սիրելիներ, դիմակայել ծանր, նոյնիսկ անելանելի թուացող իրավիճակներուն։ Կարող կ՚ըլլանք ուժ գտնել նեղութիւնները համատեղ ջանքերով հաղթահարելու, փորձութիւնները փորձառութեան վերածելու, ձախողումներն ու պարտութիւնները ձեռքբերումներու վերափոխելու եւ մեր նոր օրը կառուցելու՝ ապաւինած առաքելական խօսքին, թէ «ամէն բան կարող եմ ինձ զօրացնող Քրիստոսով» (Փիլիպ. 4.13)։ Այս հաստատ համոզումով պատմութեան ողջ ընթացքին մեր հարազատ բնօրրանին մէջ ապրած ենք, մեր պետականութիւնը կերտեած եւ օրհասական պահերուն յանձնառու ոգիով համախմբուած՝ յանուն հայրենիքի հզօրացման եւ ազգային տեսիլքներու մարմնաւորման։ Մաքառած ու տոկացած ենք առ Տէրը յոյսով եւ առաքեալի խօսքի նկատմամբ հաւատով, թէ նեղութիւն ունինք, բայց ընկճուած չենք, կարօտեալ ենք, բայց յուսահատ չենք, հալածուած ենք, բայց լքուած չենք, չարչարուած ենք, բայց կործանուած չենք (հմմտ. Բ Կորնթ. 4.8-9):
Արդ, մեր կեանքէն ներս ծառացած դժուարութիւններու յանդիման հարկ է աննկուն մնալ եւ առկայ մարտահրաւէրներու ու պարտադրուող պահանջներու հանգուցալուծումը չփնտրել հայրենավնաս զիջումներու, մեր սրբութիւններէն ու աւանդական արժէքներէն հրաժարման միջոցով։ Աներեր մնանք մեր պատմութեան ու արժեհամակարգին հաւատարմութեան մէջ, անխաթար պահպանենք մեր ինքնութիւնը, ինչ որ կարեւոր է նոր սերունդի ոգիի եւ գիտակցութեան կերտման, նաեւ աշխարհի մէջ մեր պետութեան եւ ժողովուրդի հեղինակութեան ամրապնդման, ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Կը հաւատանք, որ մեր պատմութիւնը կը զարդարուի նոր վերելքով։ Լուսաւոր գալիքի մեր ձգտումներուն մէջ զինուինք յոյսով եւ հաւատով, Աստուծոյ ապաւինած իրագործենք իւրաքանչիւրս մեր առաքելութիւնը՝ ի սէր անձնական ու հաւաքական մեր կեանքի բարօրութեան։ Նորոգուած կեանքով պիտի կարենանք կերտել նոր իրականութիւն, ուր գերակայ կ՚ըլլան ուղղամտութիւնն ու համերաշխութիւնը, օրինայարգութիւնն ու հայրենանուիրումը. նոր իրականութիւն, ուր իւրաքանչիւր յանձնառութիւն միտուած կ՚ըլլայ մեր պետութեան հզօրացման, ազգի անվտանգ ու արժանապատիւ կեանքի ապահովման, արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքներու պաշտպանութեան։ Այս տեսլականով վերափոխենք մեր կեանքի ընթացքը եւ միշտ քայլենք սիրոյ եւ միաբանութեան կենարար ճանապարհով։
Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ, տարեմուտի սեմին աղօթենք առ Աստուած մեր հայրենիքի, հայոց բանակի, հայրենի հողէն ու տունէն բռնութեամբ զրկուած արցախցիներու, նահատակուած զաւակներու կորուստը սգացող, գերեվարուած եւ անյայտ կորսուաած սիրելիներու ցաւով ապրող ընտանիքներու, հիւանդներու ու զրկանքներու մէջ գտնուողներու համար։ Աղօթենք նաեւ աշխարհասփիւռ մեր քոյրերու ու եղբայրներու համար, որոնք կը կրեն պատերազմներու կործանարար հետեւանքները։ Հայցենք խաղաղութիւն համայն աշխարհին, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Թող Տէրը օգնական ու զօրակից ըլլայ ազգիս հայոց՝ շնորհելով լուսառատ նոր հորիզոններ։
Շնորհաւոր Նոր տարի։ Բարի եւ օրհնեալ տարի։