ՀԱՅԿԱԿԱՆ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ 2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Տալլաս քաղաքի Հիւսիսային Քարոլթըն արուարձանի Ս. Սարգիս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հռչակուեցաւ երկրի՝ 2022 թուականի լաւագոյն շինութիւնը։ «world-architects.com» կայքէջի հաղորդումներով, եկեղեցին լաւագոյն շինութիւնը ճանչցուած է անոր կողմէ կազմակերպուած հարցախոյզի արդիւնքով։ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ նախագիծը պատրաստած է «David Hotson» ճարտարապետական գրասենեակը։ Ս. Սարգիս եկեղեցին օծուած է 2022 թուականի ապրիլին։ Ան տեսքով կը նմանի Սուրբ Էջմիածնի՝ 7-րդ դարու Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիին։ Հարկ է նշել, որ եկեղեցին կը գործէ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հովանաւորութեան ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 1, 2023