Տ. ԱՆԴՐԷԱՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՑԱՒԱԼԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու այնքան համակրելի եւ բազմավաստակ անդամներէն Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան երէկ վախճանած է՝ մեծ ցաւ յառաջացնելով եկեղեցական շրջանակներէն ներս։ Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերջին տասնամեակներուն անշահախնդիր ծառայութիւն մատուցած հոգեւորական մըն էր նորոգ վախճանեալ տէր հայրը, որ իր բարի նկարագրին առընթեր հաւատացեալներու սիրոյն արժանացած էր նաեւ կուռ եւ տպաւորիչ ձայնով։
Աւազանի անունով Անդրանիկ Յակոբ Օրթայակոբեան, ծնած էր 1948-ին, Իսթանպուլ։ Որդին էր Նուպար Մելքոնի եւ Աննիկ Չէրչեանի։ Ուսանած էր Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ։ Փոքր տարիքէն սիրած էր եկեղեցին։ Անդամակցած էր Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին, ապա Պէյօղլուի Ասողիկ դպրաց դասուն։ Երաժշտութեան դասեր առած էր։ 1970-1984 թուականներուն Գուրուչէշմէի Կոմիտաս դպրաց դասուն անդամակցած էր՝ մաս կազմելով նաեւ տնօրէն խորհուրդին։ Երկու շրջան անդամակցած էր նաեւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին։ 1984-ին վերադարձած էր Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամութեան։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, 9 փետրուար 1989 թուականին սարկաւագ ձեռնադրուած էր՝ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանի կողմէ։ Նոյնպէս այս վերջնոյն ձեռամբ, 12 փետրուար 1989 թուականին, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ քահանայական օծում ստացած էր, օծակից ունենալով վախճանեալ Տ. Տիրան Քհնյ. Ռէիսեանը։
Որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած էր Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ, Եշիլգիւղի, Պէշիկթաշի եկեղեցիներուն մէջ։ Միջոց մը եղած էր Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ Վերջին տարիներուն Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն էր։
Նորոգ վախճանեալ տէր հայր լանջախաչ կրելու արտօնութիւն ստացած էր Գարեգին Պատրիարք Գազանճեանին կողմէ։
1998 թուականին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովին կողմէ ընտրուած էր Կրօնական ժողովի անդամ։ Որպէս փոխ-ատենադպիր՝ մաս կազմած էր նաեւ դիւանին։
13 փետրուար 2012 թուականին, Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին օրը, շրջանի Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանին կողմէ իրեն շնորհուած էր Աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն։
Ամուսնացած էր Վերժին Գալփաքեանի հետ, 1974 թուականին։ Ունէր երկու դուստր՝ Նայեատ եւ Նիրվա։
Նորոգ վախճանեալ Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեան վերջին շրջանին կը տառապէր առողջական խնդիրներէ։ Հակառակ իր փխրուն առողջութեան, եռանդով կը պայքարէր, որպէսզի կարողանար վերադառնալ իր եկեղեցական ծառայութեան։ Նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինեց, որ իր այդ ցանկութիւնը չկարողացաւ իրականացնել։ Իր տառապած խնդիրներուն վրայ եկաւ աւելնալ ստամոքսի անակնկալ արիւնահեղութիւնը։ Մարմինը չկրցաւ դիմադրել այս վերջին ցնցումին եւ հակառակ իրեն ցուցաբերուած մասնագիտական խնամքին, ան աչքերը փակեց կեանքին։ Բոլոր անոնք, որոնք ճանչցած են զինքը եւ հաղորդ դարձած իր ազնիւ նկարագրին, իրենց սրտին մէջ կը կրեն Տ. Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի նկատմամբ սէրն ու երախտագիտութիւնը։
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի. ամէն։