ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան մտահոգիչ օրինակներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընթանայ՝ դէպի մէկ ծայրայեղութենէ միւսը։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան մտահոգիչ օրինակներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընթանայ՝ դէպի մէկ ծայրայեղութենէ միւսը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի զանազան թեմերէն ուխտաւոր երիտասարդներ, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 650-ի։
Երէկ, Հայաստանի դատական իշխանութիւնները ջնջեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի երկրէն դուրս գալու արգելքը։
Իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան պայմաններուն ներքեւ, ներկայ տարեմուտին Վեհափառ Հայրապետին դէմ երկրէն դուրս գալու արգելք սահմանուած էր դատական իշխանութիւններուն կողմէ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս Լատին կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր, պապական փոխանորդ Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ եպիսկոպոսը։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը սիստեմաթիք ձեւով կը հրահրէ հակաեկեղեցական արշաւը:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յայտարարութիւնը. «Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հազարամեայ առաքելութիւնը, սրբազան աւանդութիւններն ու հոգեւոր կեանքը պէտք չէ առարկայ դառնան քաղաքական շահարկումներու»:
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը, որու գլուխը կը գտնուէր գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հայր Թոմաս Շուարց։
Սուրբ Զատկի շրջանին, Երուսաղէմի քրիստոնեայ յարանուանութիւններուն միջեւ արդէն զգալի է տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը։ Այս մթնոլորտէն անմասն չէ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, որու ներկայացուցիչները այս շրջանին կ՚իրականացնեն շարք մը շնորհաւորական այցելութիւններ։
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տաղաւարը նշուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Պոլսոյ Ասիական ափի մեր եկեղեցիներու շարքին Ս. Խաչը միակն էր, ուր տաղաւարի օրով մատուցուեցաւ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ։
Թոփգաբուի ընտանիքը Ս. Յարութեան տօնը շաբաթավերջին անցուց ընտանեկան համախմբման մթնոլորտին մէջ։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տաղաւարի առթիւ պատարագեց եւ խրատականը խօսեցաւ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին աւանդական շուքով նշեց Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տաղաւարը՝ հակառակ առկայ հալածանքներուն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական Սուրբ Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր օրուան տեւողութեան այցելեցին հազարաւոր հաւատացեալներ: