ՊԱՀՔԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Մեծ Պահքի 10-րդ օրն է:

…Պահքին նպատակը, ուրեմն, հոգիին կեանքը զօրացնելն է՝ զգացական հաճոյքներուն քաշող ուժը տկարացնելով:

Ինչպէս ակնարկեցինք, պահեցողութեան գերագոյն նպատակը ապաշխարութիւնն է, այսինքն՝ մեղքէն եւ հոգեկան ծուլութենէն ազատագրուելու ճիգ է, այդ իսկ պատճառով ինքն իրեն տրուած պատիժի հանգամանք ունի: Ապաշխարանքի էութիւնը մեղքի պատճառով զգացած ցաւը, զղջումը եւ մտահոգութիւնն են՝ այն պարզ պատճառով, որ մեղքը անհատին ու ընկերութեան մեծագոյն չարիքն է եւ մեզ Աստուծմէ բաժնող միակ պատճառը, աստուածային եւ մարդկային շարք մը թանկագին շնորհներէ եւ ուժերէ մեզ պարպող միակ ազդակը: Արդ, մեղքի հետեւանքով զգացած ներքին ցաւի արտաքին արտայայտութիւններէն գլխաւորը՝ պահեցողութիւնն է, որ մեղաւորը պատիժի ենթարկելու եւ մեղքի աւերներուն առաջքը առնելու արարք է:

Որոշ հիւանդութիւններ մահացու են, այսինքն՝ եթէ իրենց սկզբնական շրջանին չդարմանուին, վաղահաս մահուան պատճառ կ՚ըլլան. օրինակ՝ քաղցկեղը, թոքախտը, սիրտի եւ այլ կենսական անդամներու հետ կապուած տկարութիւնները:

«Մահացու» կոչուած մեղքեր ալ կան. օրինակ՝ ամբարտաւանութիւնը, չար նախանձը, ջղագար բարկութիւնը, անսահման ագահութիւնը եւ ասոնց տարատեսակները: Ասոնք մահացու են, որովհետեւ մարդուն մէջ բարոյական գիտակցութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը կը մեռցնեն, եւ ի վերջոյ, կ՚այլասերեն մարդուն նկարագիրն ու բնութիւնը: Երբ մարդ կը զրկուի բարոյական արժէքներէ, բառին իսկական իմաստով կը դադրի մարդ ըլլալէ: Արդարեւ, այս երկոտանի, ուղղաբերձ «մերկ կապիկը» մարդ դարձնողը, այսինքն՝ կենդանական աշխարհի միւս տեսակներէն զանազանողը, ո՛չ այնքան անոր ֆիզիքական տարբերութիւններն են, որքան բարոյական գիտակցութիւնը, խիղճը, զԱստուած ճանչնալու եւ Անոր դիմելու կարողութիւնը: Այս եւ մարդկային ուրիշ ազնիւ յատկութիւններ ալ վերոյիշեալ մահացու մեղքերէն կը տուժեն, կ՚այլասերուին, մինչեւ իսկ ի սպառ կը փճանան, եթէ ատոնց առաջքը չառնուի: Եւ պահքը մեծապէս կը նպաստէ այլասերիչ այս հակումներուն առաջքը առնելուն, ինչպէս նաեւ մարդուն յատուկ վերոյիշեալ կարողութիւնները պահպանելուն:

Պէտք է անդրադառնալ նաեւ, որ ֆիզիքական հիւանդութիւններուն պարագային սնուցակարգը կամ սննադականոնը չէ, որ ախտը կը բուժեն: Բուժողը մարմինին բնական ուժերն են՝ արիւնը, աւիշը եւ անոնց մէջ պարունակուող կենսական տարրերը: Բժիշկին յանձնարարած պահեցողութիւնը կամ դեղը միայն կը դիւրացնեն մարմինին բուժիչ ուժերուն գործը՝ արգելք հանդիսանալով, որ հիւանդութիւնը աւելի չխորանայ:

Նոյնը կրօնական պահեցողութեան պարագային է: Պահեցողութիւնը չէ, որ մեղքը կը քաւէ: Աստուած է քաւիչը: Սակայն, պահեցողութիւնը կարեւոր օժանդակութիւն մըն է քաւչարար այս սրբագործութեան մէջ: Զղջումը, աղօթքը, ապաշխարութիւնը, որոնք պէտք է պահեցողութենէն անբաժան ըլլան, այն հիմնական պայմանները կը ստեղծեն, ուր Աստուծոյ բուժիչ եւ քաւիչ զօրութիւնը կը գործէ:

Արդարեւ, անկեղծ եւ առողջ պահեցողութեան մէջ քրիստոնեան կրնայ գտնել ազդու միջոցներէն մէկը՝ վերատիրանալու այն բարոյական կորուստներուն, որոնց ենթարկուած է չափազանց արձակ ապրելակերպով: Կը վերաշահի այն շնորհները, որոնցմէ՝ իր մեղքերուն պատճառով զրկուած էր:

Պահքի անուղղակի ուրիշ բարիքներէն մէկն է ԿԱՄՔԻ ԶՕՐԱՑՈՒՄԸ: Մեր հոգեւոր եւ բարոյական կենցաղին մէջ կամքը կենսական դեր ունի: Երբ օրէնքի պարտադրանքով կամ մեր ցանկութեամբ պահեցողութիւն կ՚ընենք, մեր կամքը աստիճանաբար կը զօրանայ, որովհետեւ պահեցողութիւնը հաճելի չէ մեր ֆիզիքական դիւրակեցութեան, որով մարմնական հակումներուն վրայ դրուած պարտադրանքը կը նպաստէ, որ բարոյական կամեցողութիւնը զօրանայ՝ ի վերջոյ ուժի շտեմարան դառնալու համար, որու օգնութեան պիտի դիմենք ամէն անգամ, երբ բարոյական օրէնքներու կամ մեր խղճմտանքին հակառակ արարքներու փորձութեան ենթարկուինք: Կամեցողութեան զօրացումով մենք մեր ունեցած խելքը եւ ժամանակը աւելի արդիւանւոր կերպով կրնանք գործածել: Թէ կամքի պակասի հետեւանքով ի՜նչ ահաւոր չափերու հասնող վատնումներ կ՚ունենանք՝ քիչերուն յայտնի է: Սակայն, այստեղ ես կը կրկնեմ. միայն կեանքի զօրացումին համար կատարուած պահեցողութիւնը կամ նման այլ վարժանքներն ու մարզանքները զուրկ կը մնան զուտ կրօնական արժէքէն՝ ինքնըստինքեան օգտակար եւ յանձնարարելի ըլլալով հանդերձ:

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան
Հատուածներ՝ «Մեծ պահքի կիրակիներու ոսկէ շղթան, գունագեղ կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» գիրքէն

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2023