«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդական արժէքներ. ժամանակակից հասարակութեան զարգացման հոգեւոր-բարոյական ուղենիշները» խորագրեալ միջազգային գիտաժողով մը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս գիտաժողովը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու համատեղ ջանքերով։ Ծրագրին իր նեցուկը բերած էր նաեւ Սուրբ Աթոս լերան ռուսական սրբավայրերու աջակցման բարեգործական հիմնարկը։ Գիտաժողովին մասնակցեցան Հայաստանէն եւ Ռուսաստանէն պետական մարմիններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր ու գիտական շրջանակներէ, ինչպէս նաեւ զանգուածային լրատուութեան աշխարհէն դէմքեր։
Գիտաժողովի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ ժողովականներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները։ Նորին Սրբազնութիւնը ուրա-խութիւն յայտնեց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած է նման հաւաքոյթ մը։ Ան կանգ առաւ աւանդութեան կարեւորութեան եւ քրիստո-նէական արժէքներու պահպանման վրայ։