ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Տոմինիքեան Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Ֆրանք Հանս Տանեպերկ Քասթելիանոսը։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նորանշանակ դեսպանին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորութիւնները՝ մաղթելով արդիւնաւէտ առաքելութիւն ի նպաստ հայ-տոմինիքեան յարաբերութիւններու ձեւաւորման եւ ամրապնդման։

Նորանշանակ դեսպանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց յառաջիկայ իր ծրագրերը՝ յատկապէս կարեւորելով տնտեսական եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներէն ներս համագործակցութիւնը։ Դեսպան Քասթելիանոս հաւաստիացուց, թէ ջանքեր պիտի գործադրէ Հայաստանի հետ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան առաւել զարգացման եւ երկու պետութիւններու բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններու զօրացման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ դեսպանի հեռանկարային ծրագրերուն՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ անոնք պիտի նպաստեն երկու երկիրներու սերտ գործակցութեան։

Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան տարածաշրջանէն ներս առկայ բարդ իրավիճակին, հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներուն, Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը մասնաւորապէս կարեւորեց Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ քաղաքականութեան կանխարգիլման, տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան հետեւողական քայլերը։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2023